Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի վերաբերեալ Իզմիրի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ ելոյթ ունեցած է, կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը:
Թրքական «Diken» լրատուակայքի տեղեկացմամբ` Էրտողան, անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժողներուն, ըսած է. «Կը յիշէ՞ք զանոնք, որոնց ծով կը նետէին 100 տարի առաջ: Այ անոնց պաշտպանները այսօր «ոչ» կ՛ըսեն: եւ իրենց ձիերն ու շուները կը ձգեն «այո» ըսողներուն վրայ: Անոր համոզումով` կառավարման նախագահական համակարգին դէմ եղողները Թուրքիոյ թշնամիներն են:
Էրտողան յայտարարած է, թէ «իրական հիւանդը» Եւրոպան է: Անոր կարծիքով` Եւրոպայի տնտեսութեան վիճակը երթալով կը վատթարանայ: «Անոնք վարակուած են ռասիզմի վարակով: Այս անգամ անոնց վիճակը ծանր պիտի ըլլայ»,- ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողան նաեւ կարծիք յայտնած է, թէ եւրոպական երկիրները ճնշում կը գործադրեն ծագումով թուրք քաղաքացիներուն վրայ: Ան սպառնացած է, որ Ապրիլ 16-ի հանրաքուէէն ետք Եւրոպան դեռ պատասխան պիտի տայ իր այդ պահուածքին համար:
Յիշեցնենք, որ ըստ թրքական պաշտօնական պատմագրութեան` 1922-23 թուականներուն քեմալական շարժման ժամանակ թուրքերը Պոսֆորի ջուրեր նետած են «քրիստոնեայ զաւթիչները»` իբրեւ կայսերապաշտ բռնակալութեան դէմ պայքարի դրսեւորում: