Շէնգաւիթ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանի նախագահութեամբ կը շարունակուի Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստը: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` դատաւորը ներկայացուցած է պաշտպաններու կողմէ Տաթեւիկ Գրիգորեանի ինքնաբացարկի միջնորդութեան վերաբերեալ որոշումը. «Պաշտպան Արայիկ Պապեանի յունիսի 13-ին ներկայացուած միջնորդութիւնը նախագահ դատաւորի կողմից ինքնաբացարկ ներկայացնելու մասին մերժել ` անհիմն լինելու պատճառով»:
Դատաւոր Գրիգորեանը ամբաստանեալ Գէորգ Սաֆարեանին յորդորած է յարգալից վերաբերիլ դատարանին, սակայն վերջինս շարունակած էր տեղէն խօսիլ, ուստի դատաւոր Գրիգորեանը որոշում կայացուցած է 3 ժամով հեռացնել դատական նիստերու դահլիճէն ամբաստանեալ Գէորգ Սաֆարեանին: Այնուհետեւ դատաւորը մէկ ժամ ընդմիջում յայտարարած է:
13 Յունիսին մեկնարկած դատական նիստի ընթացքին դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանին ինքնաբացարկ յայտնելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը գրաւոր տեսքով դատաւորին յանձնած էր պաշտպան Արայիկ Պապեանը: Միջնորդութեան միացած էր նաեւ պաշտպան Տիգրան Հայրապետեանը: Միջնորդութեան դէմ հանդէս եկած էր մեղադրող կողմը՝ դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը: