Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը մերժեց Ժիրայր Սէֆիլեանի Գործով Դատաւորի Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւնը

Դատարանը մերժեց Ժիրայր Սէֆիլեանի Գործով Դատաւորի Ինքնաբացարկի Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Շէնգաւիթ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանի նախագահութեամբ կը շարունակուի Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ միւսներու գործով դատական նիստը: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ` դատաւորը ներկայացուցած է պաշտպաններու կողմէ Տաթեւիկ Գրիգորեանի ինքնաբացարկի միջնորդութեան վերաբերեալ որոշումը. «Պաշտպան Արայիկ Պապեանի յունիսի 13-ին ներկայացուած միջնորդութիւնը նախագահ դատաւորի կողմից ինքնաբացարկ ներկայացնելու մասին մերժել ` անհիմն լինելու պատճառով»:

Դատաւոր Գրիգորեանը ամբաստանեալ Գէորգ Սաֆարեանին յորդորած է յարգալից վերաբերիլ դատարանին, սակայն վերջինս շարունակած էր տեղէն խօսիլ, ուստի դատաւոր Գրիգորեանը որոշում կայացուցած է  3 ժամով հեռացնել դատական նիստերու դահլիճէն ամբաստանեալ Գէորգ Սաֆարեանին: Այնուհետեւ դատաւորը մէկ ժամ ընդմիջում յայտարարած է:

13 Յունիսին մեկնարկած դատական նիստի ընթացքին դատաւոր Տաթեւիկ Գրիգորեանին ինքնաբացարկ յայտնելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը գրաւոր տեսքով դատաւորին յանձնած էր պաշտպան Արայիկ Պապեանը: Միջնորդութեան միացած էր նաեւ պաշտպան Տիգրան Հայրապետեանը: Միջնորդութեան դէմ  հանդէս եկած էր մեղադրող կողմը՝ դատախազ Պետրոս Պետրոսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment