Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Սիպիհա Քննարկած Են Հայաստան-Ուքրանիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Հնարաւորութիւնները

Միրզոյեան Եւ Սիպիհա Քննարկած Են Հայաստան-Ուքրանիա Յարաբերութիւններու Զարգացման Հնարաւորութիւնները

by MassisPost

Վարշաւայի անվտանգութեան համագումարի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպած է Ուքրանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անտրիյ Սիպիհայի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ուքրանիա երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման հնարաւորութիւնները՝ կարեւորելով քաղաքական երկխօսութեան յարաշարժ շարունակականությունը։

Արարատ Միրզոյեան եւ Անտրիյ Սիպիհա անդրադարձ կատարած են երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրային կապերու ընդլայնման հնարաւոր տարբերակներուն:

Միտքեր փոխանակուած են բազմակողմ հարթակներու վրայ նախաձեռնութիւններու շուրջ:

Անդրադարձ կատարուած է միջազգային եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment