Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը:
Զրուցակիցները կարեւորած են երկկողմ բարձր մակարդակի աշխոյժ շփումները եւ գոհունակութեամբ նշած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման ու ընդլայնման:
Վարչապետը ընդգծած է, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան յագեցած օրակարգ եւ իրանեան ընկերութիւնները ներգրաւուած են Հայաստանի մէջ իրականացուող ռազմավարական նախագիծերուն մէջ:
Կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ յառաջիկային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պիտի բարձրանան նոր մակարդակի: Շեշտուած է նաեւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններուն կարեւորութիւնը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան միտքեր փոխանակած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:


