Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Զարմանքով Կը Լսենք»․ Լաւրով՝ Հայաստանէն Ռուսաստանի Հասցէին Հնչող Դժգոհութիւններուն Մասին

«Զարմանքով Կը Լսենք»․ Լաւրով՝ Հայաստանէն Ռուսաստանի Հասցէին Հնչող Դժգոհութիւններուն Մասին

by MassisPost

Ռուսական կողմի հասցէին Հայաստանէն հնչող վերջին որոշ պնդումներն ու դժգոհութիւնները զարմանք եւ յոյզեր կ’առաջացնեն։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Մենք փոխվարչապետներու մակարդակով կանոնաւոր շփումներ ունինք։ Հայերը հետաքրքրող որեւէ հարց կարելի է քննարկել, այդ շարքին՝ «Հարաւկովկասեան երկաթուղի»-ին հետ կապուած իրավիճակը, որ կը գտնուի «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան կառավարման ներքոյ։

Զարմանքով կը լսենք, թէ ինչպէս այդ հարցերը կը բարձրաձայնուին։ Եթէ նոյնիսկ անոնք ծագած են, պատմէ գործընկերոջդ, թէ ինչ կը մտածես այդ մասին։

Սակայն անոր փոխարէն հայկական կողմէ հրապարակային յայտարարութիւն կը կատարուի այն մասին, թէ այդ ընդհանրապէս իրենցն է, եւ որ մենք իրենց 2 միլիառ տոլար պարտք ենք։

Կը հասկնամ, որ այդ, բացի տնտեսական վերլուծութեան վրայ հիմնուած գնահատականներէն, յոյզեր կ’առաջացնէ մեր քաղաքացիներուն մօտ։ Ես բացառութիւն չեմ»,- նշած է Լաւրով։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէս Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ թոյլ չտալ նոյն սխալները, որոնք, ըստ անոր, տեղի ունեցած են Ուքրանիոյ պարագային, Լաւրով ընդգծած է, որ ռուսական կողմը իր կողմէ ամէն ինչ ըրած է։

«Մեր բոլոր դիրքորոշումները եւ այն առաւելութիւնները, որոնք Հայաստանը կը ստանայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցութենէն, ընդ որում՝ մեզմէ ուժանիւթակիրներ ստանալով 3-4 անգամ աւելի էժան գնով, քան Եւրոպական Միութեան գիներն են։ Ունեմ այն կանխավարկածը, որ այնտեղ լաւ տնտեսագէտներ կան»,- յաւելած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment