Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ռոպերթ Քոչարեանը Դեռ Ապրիլէն Մեղադրեալ Ներգրաւուած Եղած Է». Հակափտածութեան Կոմիտէն Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած Է

«Ռոպերթ Քոչարեանը Դեռ Ապրիլէն Մեղադրեալ Ներգրաւուած Եղած Է». Հակափտածութեան Կոմիտէն Մանրամասնութիւններ Ներկայացուցած Է

by MassisPost

«Ռոպերթ Քոչարեանի հանրային քրէական հետանդումը ոչ թէ Օգոստոսի 25-ին է յարուցուել, այլ նա արդէն Ապրիլ ամսին այս գործով մեղադրեալ է ներգրաւուած եղել՝ ընդամէնը մէկ դրուագով, եւ այդ ժամանակ խափանման միջոց է ընտրուել բացակայելու արգելքը»,- Հանրային հեռուստատեսութեան եթերով յայտարարած է Հակափտածութեան Կոմիտէի սեփականութեան դէմ ուղղուած փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան պետ Դաւիթ
Կոստանդեանը:

Բարձրաստիճան պաշտօնեան տեղեկացուցած է, որ անկէ յետոյ քրէական վարոյթով ի յայտ եկած են նոր հանգամանքներ, նոր տուեալներ այլ դրուագներու հետ կապուած, եւ անոնց համադրման հետեւանքով մեղադրանքը փոխուած է:

Կոստանդեանի խօսքով, քննիչը ստացուած տուեալները համարելով բաւարար՝ կալանքի միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան, եւ այն բաւարարուած է:

«Այդ տուեալները նախկինում յայտնի չեն եղել. խօսքը մի կազմակերպութեան մասին է, որը յայտնի դարձաւ վարոյթն իրականացնող մարմնին, որ այդ կազմակերպութեան միջոցով մի շարք պետական գոյքեր են մասնաւորեցուել եւ արդիւնքում դարձուել բարձրաստիճան անձի հետ փոխկապակցուած անձանց սեփականութիւնը»,- նշած է Հակափտածութեան Կոմիտէի պաշտօնեան:

Արձագանգելով ընդդիմութենէն հնչող պնդումներուն, թէ խորհրդարանին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրահանգէն յետոյ Կոմիտէն Քոչարեանները կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացուց դատարան, Սեփականութեան դէմ ուղղուած փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան պետը պնդած է, թէ այս քրէական վարոյթը ստացուած է 2024-ի Յունուարին, պարզապէս երկար ժամանակ աշխատած են անոր վրայ, քանի որ քնութեան առարկայ դարձած են «քանի մը տասնեակ անշարժ գոյքերու մասնաւորեցման գործընթացին մէջ թոյլ տրուած չարաշահումէն, միլիառաւոր դրամներու փոխանցումներ, մօտ 20 երկիր իրաւական փոփոխութեան միջնորդութիւններ ուղարկուած են»:

«Ես ձեզ մի տուեալ ասեմ՝ Օգոստոսի 25-ին 35-ից աւելի հասցեներում իրականացուած խուզարկութիւնների վերաբերեալ միջնորդութիւնը դատարան էինք ներկայացրել Օգոստոսի 21-ին»,- նշած է պաշտօնեան, պնդելով, որ անկախ վարչապետի խորհրդարանին մէջ կատարուած յայտարարութենէն՝ իրենք միեւնոյնն է այդ օրը խուզարկութիւններ ու ձերբակալութիւններ պիտի իրականացնէին:

«Որեւէ կապ չկայ»,- վստահացուցած է Սեփականութեան դէմ ուղղուած փտածութեան բնոյթի յանցագործութիւններու քննութեան վարչութեան պետը:

Նախօրէին, կալանաւորուած երկրորդ նախագահի փաստաբան Արամ Օրբելեան «Ազատութեան» ըսած էր՝ Ռոպերթ Քոչարեան չի հասկնար, թէ իր ո՞ր գործողութիւններուն համար զինք կը մեղադրեն:

Օրբելեանի պնդմամբ՝ մեղադրանքին մէջ որեւէ կերպ նկարագրուած չէ, թէ իր պաշտօնավարման տարիներուն (1998-2008 թուականներուն) ճիշդ ի՞նչ ըրած է Ռոպերթ Քոչարեան, իր ո՞ր քայլով չարաշահած է պաշտօնի լիազօրութիւնները, որուն հետեւանքով ալ խախտում արձանագրուած է: Փաստաբանին խօսքով՝ մեղադրանքին մէջ պարզապէս նկարագրուած են այլ անձերու գործողութիւններ, բայց վերջը խմբային պատասխանատուութիւնը դրուած է Քոչարեանի վրայ:

Մինչդեռ Հակափտածութեան Կոմիտէի պաշտօնեան օրինակներով պատմած է, թե ինչպէս պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքերը մասնաւորեցուած են ինչ-որ ընկերութիւններու կողմէ, բայց յետոյ փոխանցուած է Ռոպերթ Քոչարեանի
աւագ որդիին՝ Սեդրակ Քոչարեանին: Վերջինս եւս կալանաւորուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment