FIP-ը կը գրէ․ Meta ընկերութիւնը հրապարակած է իր ընկերային լրատուութեան հարթակներուն մէջ (Facebook, Instagram) համակարգուած վնասակար գործողութիւններու սպառնալիքներու վերաբերեալ 2026 թուականի երկրորդ կէսի զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձած է նաեւ հայաստանեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Կազմակերպութեան կիսամեակային զեկոյցին մէջ կ’արձանագրուի՝ Ռուսաստանի պետական կառոյցներուն հետ կապվող ANO Dialog կոչուող ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը մեծ դեր ստանձնած է արտասահմանեան՝ այդ շարքին հայալեզու լսարանները թիրախաւորող գաղտնի ազդեցութեան գործողութիւններուն մէջ։
Նշենք, որ 2019 թուականին Մոսկուայի քաղաքապետարանին կողմէ հիմնադրուած կազմակերպութիւնը ԱՄՆ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ նախապէս կապուած է Doppelganger մեթոտով արշաւներու հետ, որ իրականացուած է՝ Ռուսաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սերկէյ Քիրիենքոյի փաստացի ենթակայութեամբ գործող «Ընկերային տիզայնի գործակալութեան» (Social Design Agency, SDA) հետ միասին։
Յիշեցնենք, որ նախընտրական շրջանին «Փաստերու ստուգման հարթակի» բտրամադրությեան տակ յայտնուած էին արտահոսած փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայէին «Ընկերային տիզայնի գործակալութեան» Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայերու դէմ իրականացուող բազմաթիւ ապատեղեկատուական ու պառակտիչ տեղեկատուական արշաւներու եւ սադրանքներու մասին։
ANO Dialog-ի արշաւը՝ ի աջակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի Мeta-ն ներկայացուցած է ANO Dialog-ին վերագրուած երկու գաղտնի ազդեցութեան գործողութիւններ։
Կը նշուի, որ անոնցմէ մէկուն ծիրին մէջ կազմակերպութեան (նկատի ունի Meta-ի, խմբ․) քաղաքականութեան եւ կանոններուն հակասող բազմաթիւ հաշիւներ ստեղծուած են, որոնք համակարգուած ձեւով թիրախաւորած են 2026 թուականի Յունիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները։ Ըստ այդմ, Мeta-ն արգելափակած է Ֆէյսպուքի 25 հաշիւ, 13 էջ եւ Ինսթակրամի 13 հաշիւ։ Կը նշուի, որ մօտ 9.600 հաշիւ հետեւած է այդ էջերէն առնուազն մէկուն, իսկ մօտ 10.400 հաշիւ՝ Ինսթակրամի այդ հաշիւներէն առնուազն մէկուն։
«Ցանցը թիրախաւորած է 2026 թուականի Յունիսին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ փորձելով մեծցնել «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան եւ ռուսահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ աջակցութիւնը»,- կ’ըսուի զեկոյցին մէջ։
Յիշեցնենք, որ 2025 թուականի ամռան FIP.am-ը բացայայտած էր ընկերային ցանցերուն մէջ Սամուէլ Կարապետեանին աջակցող տասնեակ կեղծ օգտահաշիւներ:
Զեկոյցին մէջ կ’արձանագրուի նաեւ, որ Հայաստանի մէջ իրենց գործունէութիւնը ուղղակիօրէն յառաջ մղելէ բացի՝ ցանցը թիրախաւորած է նաեւ Գերմանիոյ, ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի մէջ բնակող հայկական սփիւռքը։

