Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատարան Ուղարկուած է Կաթողիկոսին Վերաբերեալ Քրէական Գործը

Դատարան Ուղարկուած է Կաթողիկոսին Վերաբերեալ Քրէական Գործը

by MassisPost

Դատախազութիւնը դատարան ուղարկած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ բարձրաստիճան եկեղեցականներու վերաբերեալ քրէական գործը։

Հոգեւոր առաջնորդին եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ հինգ հոգեւորականներուն մեղադրանք առաջադրուած է պաշտօնի դիրքը օգտագործելու միջոցով դատարանի օրինական որոշման կատարումը դիտաւորեալ խոչընդոտելու համար:

Իրաւական վէճը ծագած է Մասսյացոտնի թեմի նախկին առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը (Արման Սարոյեան) պաշտօնէն ազատելէ յետոյ:

2026-ի Յունուարին կաթողիկոսին որոշմամբ պաշտօնանկ եղած եպիսկոպոսը դիմած էր դատարան: Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած էր, որ մինչեւ գործի քննութեան աւարտը Սարոյեանը պէտք է շարունակէ պաշտօնավարել, իսկ եկեղեցիին արգիլուած էր խոչընդոտել անոր լիազօրութիւններուն իրականացումն ու ֆինանսական հաշիւներու տնօրինումը:

Չնայած դատարանի որոշման ու Հարկադիր կատարումը ապահովող ծառայութեան պաշտօնական ծանուցման՝ Գարեգին Բ. եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը որոշած են կարգալոյծ ընել Սարոյեանը: Ըստ դատախազութեան՝ եկեղեցական ղեկավարութիւնը այս քայլով դիտաւորեալ շրջանցած ու խախտած է դատարանի պահանջը:

Գործով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած են կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ը, Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեանը, Վահան եպիսկոպոս Յովհաննէսեանը, Էդգար եպիսկոպոս Յակոբեանը եւ Արթուր եպիսկոպոս Յակոբեանը: Անոնց բոլորին մեղադրանք առաջադրուած է։ Արգելուած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ելքը Հայաստանից։

Մարտին Մասսյացոտնի թեմի եկեղեցականները անհամաձայնութիւն ու մտահոգութիւն յայտնած էին Արմաւիրի մարզի Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին կողմէ ընդունուած միջանկեալ որոշման վերաբերեալ, որ իրենց փաստացի կը պարտադրէ որպէս առաջնորդ ճանչնալ արդէն կարգալոյծ հռչակուած նախկին Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանը, որ եկեղեցական կանոններուն համաձայն՝ այլեւս աշխարհական անձ է՝ Արման Սարոյեան անունով։

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրամանով Մասսյացոտնի թեմի առաջնորդը ազատուած էր պաշտօնէն Յունուար 10-ին։ «Տնօրինութեան համար հիմք են ծառայել առաջնորդի հանգամանքը չարաշահելու, պարտականութիւնների մէջ թերանալու, թեմի եկեղեցականների նկատմամբ հարկադրանք ու ճնշումներ գործադրելու պարագաները»,- նշուած էր Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Սարոյեան այն տասը եպիսկոպոսներէն է, որոնք կը պահանջէին կաթողիկոսին հրաժարականը, հանդիպումներ կ’ունենային Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ պարբերաբար յայտարարութիւններով հանդէս կու գային կաթողիկոսին դէմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment