Սիւնիքի մէջ մեկնարկած է Հայաստան-Իրան համաժողովը, որուն կը մասնակցին հայկական եւ իրանեան առաջատար վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներ ու փորձագէտներ:
Միջոցառման պաշտօնական բացման մասնակցած եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը:
Իր ելոյթին մէջ, մարզպետը բարձր գնահատած է հայ-իրանեան բարեկամական յարաբերութիւններն ու անոնց նշանակութիւնը Հայաստանի, մասնաւորապէս՝ Սիւնիքի համար: Ան ողջունած է հանդիպման մասնակիցները եւ արդիւնաւէտ ու աշխատանքային յաջող ընթացք մաղթած է քննարկումներուն:
Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին նոյնպէս ողջունած է ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակցութեան համար։ Ան համոզմունք յայտնած է, որ փորձագիտական խումբերուն կատարած աշխատանքը կրնայ աւելի զարգացնել բարեկամ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը։
Համաժողովին նպատակն է նպաստել Երեւանի եւ Թեհրանի մօտեցումներու համադրման, բացայայտել երկու երկիրներու համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ, ինչպէս նաեւ մշակել գործնական առաջարկութիւններ՝ որոշում կայացնող մարմիններու համար:
Աշխատաժողովի ընթացքին փորձագիտական քննարկումները պիտի վերաբերին քաղաքական, տնտեսական, տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ այլ հարցերու։
Համաժողովին բերուբով կը նախատեսուի մշակել առաջարկներ եւ ձեւաւորել հայ-իրանեան փորձագիտական հաստատութենական համագործակցութեան հետագայ ծրագրեր:


