Հայաստանի իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները Ռուսաստանի հետ կապերը պահպանելու եւ զարգացնելու կարեւորութեան մասին չեն համընկնին երկրի ղեկավարութեան գործնական քայլերուն հետ, որոնք ուղղուած են Եորոմիութեան անդամակցելուն, «Ռիա Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Կը լսենք հայ պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները Մոսկուայի՝ որպէս գործընկերոջ կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները պահպանելու եւ զարգացնելու Երեւանի մտադրութեան մասին։ Սակայն, ցաւօք, չենք տեսներ, որ այդ խօսքերը համապատասխանեն Հայաստանի ղեկավարութեան գործերուն եւ քայլերուն, որ միանշանակ յայտարարած է Եւրըմիութեան անդամակցելու իր ձգտումին մասին», նշած է Զախարովա։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ շաբաթ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին յայտնեց, որ պիտի մասնակցի ԵԱՏՄ միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին:
Մոսկուան տեւական ժամանակ կը յորդորէ Երեւանը յստակացնելու, որ Հայաստանը կը շարունակէ՞ մնալ ԵԱՏՄ-ի մէջ, թէ՞ կը շարժի դէպի Եւրոմիութիւն։
ԵԱՏՄ չորս երկիրներու ղեկավարները Հայաստանին կոչ ըրած էին հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ հանրաքուէ կատարել ԵՄ-ին միանալու կամ ԵԱՏՄ-ին մէջ մնալու հարցով։
Նիկոլ Փաշինեան, սակայն, աւելի վաղ յայտնած էր, որ այս պահուն նման հանրաքուէ կայացնելու տրամաբանութիւն չկայ, քանի որ Հայաստանը պաշտօնապէս չէ դիմած Եւրոմիութեան անդամակցելու համար եւ ԵՄ անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակին մօտ չէ։ Անոր խօսքով՝ տեսական ընտրութիւնը հանրաքուէի դնելը խելամիտ չէ։

