Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Դատական Հայցեր Ներկայացուցած Է Սամուէլ Կարապետեանի Եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի Դէմ

Նիկոլ Փաշինեան Դատական Հայցեր Ներկայացուցած Է Սամուէլ Կարապետեանի Եւ «Ուժեղ Հայաստան»-ի Դէմ

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկու հայց ներկայացուցած է գործարար Սամուէլ Կարապետեանի եւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան դէմ զրպարտութիւն համարուող տուեալներու հերքման եւ իւրաքանչիւրով 6 միլիոն դրամ փոխհատուցման
պահանջով։

Հայցերէն մէկը կը վերաբերի Նիկոլ Փաշինեանի՝ Գանատայի մէջ տուն ունենալու Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութեան։

Հայցով կը պահանջուի պարտաւորեցնել Սամուէլ Կարապետեանին Նիկոլ  Փաշինեանի հասցէին հնչեցուցած զրպարտութիւն համարուող փաստացի տուեալները հրապարակային հերքել հետեւեալ բովանդակութեամբ եւ կարգով․

«Բովանդակութիւնը՝ «2026 թուականի Մայիսի 25-ին ես՝ Սամուէլ Սարգիսի Կարապետեանս, տարածել եմ տեղեկութիւն, թէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Գանատայում ունի տուն։ Յայտնում եմ, որ այդ տեղեկութիւնը ամբողջութեամբ զրպարտում է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, կեղծ է եւ չի համապատասխանում իրականութեանը»։

«Պատասխանող Սամուէլ Սարգիսի Կարապետեանից յօգուտ հայցուոր Նիկոլ Վովայի Փաշինեանի բռնագանձել 6․000․000 (վեց միլիոն) ՀՀ դրամ՝ որպէս զրպարտութեան հետեւանքով պատճառուած ոչ-նիւթական վնասի գումար»։

Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ հայցը կը վերաբերի «Ուժեղ Հայաստան»-ի՝ «300 հազար ատրպէյճանցիի» Հայաստանի մէջ բնակելու տեղեկութեան։

Հայցադիմումին համաձայն՝ 2026թ. Մայիս 27-ին «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը տարածած է տեղեկութիւն, ըստ որուն՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշիեանը հաստատած է, որ Հայաստան պիտի բերէ 300 հազար ատրպէյճանցի։ Այդ տեղեկութիւնը ամբողջութեամբ կը զրպարտէ Նիկոլ Փաշինեանը, կեղծ է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան։

Հայցը բաւարարուելու պարագային հերքումը պէտք է տարածուի «Ուժեղ Հայաստան» ֆէյսպուքեան էջի միջոցով, բոլորին համար հասանելի եւ տեսանելի եղանակով։ Հրապարակումը պէտք է պահպանուի կայքին վրայ անժամկէտ կամ նուազագոյնը 2 տարի ժամկէտով։

Նիկոլ Փաշինեան կը պահանջէ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութենէն յօգուտ
իրեն բռնագանձել 6 միլիոն դրամ՝ որպէս զրպարտութեան հետեւանքով պատճառուած ոչ-նիւթական վնասի գումար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment