ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն տարած յաղթանակին առթիւ։
«Կը շնորհաւորեմ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի ազգային ընտրութիւններուն վճռական յաղթանակի առիթով։ Հպարտ եմ, որ աջակցած եմ անոր վերընտրման, եւ չեմ կասկածիր, որ անոր ղեկավարութեամբ գեղեցիկ Հայաստանը պիտի հասնի մեծութեան եւ յաջողութեան այնպիսի մակարդակի, որ պիտի գերազանցէ բոլորին ամենահամարձակ սպասելիքները»,- գրած է Թրամփ։


