ՀՀ Քննչական Կոմիտէն միջնորդութիւն ներկայացուցած է դատարան ՊԵԿ նախկին նախագահ Գագիկ Խաչատրեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ:
Այս մասին յայտնած են Քննչական Կոմիտէէն՝ յաւելելով, որ դատարանը, սակայն, մերժած է միջնորդութիւնը:
Նշենք, որ օրեր առաջ ՔԿ-ն յայտնած էր, որ պաշտօնի լիազօրութիւնները չարաշահելու, անոր օժանդակութեան, խումբին կողմէ առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման եւ անոնց օժանդակութեան համար ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով քրէական հետապնդում յարուցուած է 7 անձի՝ 2009-2016-ին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Արմէն Աշոտեանի, ՀՀ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնը զբաղեցուցած Գագիկ Խաչատրեանի, վերջինիս որդիին՝ Արտիոմ Խաչատրեանի, Երեւանի Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանի նախկին փոխտնօրէն Արթուր Աւագեանի, համալսարանի Կառավարման խորհուրդի նախկին նախագահ Վիգէն Սարգսեանի, նախկին տնօրէն Գայիանէ Գասպարեանի, ինչպէս նաեւ վերջիններուս հետ փոխկապակցուած Յարութիւն Թադեւոսյենի («Երեւան-մոլ»-ի նախկին սեփականատէր) նկատմամբ:
Գործը կ’առնչուի Բրիւսովի անուան համալսարանի՝ 208 միլիոն դրամ արժէքով գոյքը ապօրինի օտարելու, փողերու լուացման վարոյթին:
Որոշումներ կայացուած են ազատութեան մէջ գտնուող մեղադրեալները դատարան ներկայացնելու համար ձերբակալելու մասին:

