Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մեր Խաղաղութիւնը Ձեռնտու Չէ Յատկապէս ՌԴ-ին. 300 Հազար Ատրպէյճանցիի ՀՀ Գալու Մասին Լուրը Սուտ Է. Սիմոնեան

Մեր Խաղաղութիւնը Ձեռնտու Չէ Յատկապէս ՌԴ-ին. 300 Հազար Ատրպէյճանցիի ՀՀ Գալու Մասին Լուրը Սուտ Է. Սիմոնեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան ընկերային ցանցերու իր էջերով տեսանիւթ հրապարակած է՝ պատմութիւն պատմելով նախապէս պաշտօնեայի մը հետ ունեցած զրոյցի մասին:

Սիմոնեան նշած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը ձեռնտու չէ գերտէրութիւններուն եւ յատկապէս Ռուսաստանի Դաշնութեան, որովհետեւ այդպէս ան լծակ պիտի չունենայ առաջին հերթին Հայաստանի, յետոյ նաեւ Ատրպէյճանի վրայ, որովհետեւ Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Վրաստանը ՌԴ-ն կը համարէ իր ազդեցութեան գօտի:

ԱԺ նախագահը նաեւ նշած է, թէ լուրերը այն մասին, իբր 300 հազար ատրպէյճանցի պիտի տեղափոխուի Հայաստան, սին են, սուտ են եւ չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment