Յաջորդ շաբաթ եւրոպացի առաջնորդներուն հետ Հայաստան պիտի գայ նաեւ Գանատայի վարչապետը՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին մասնակցելու։ Այս մասին տեղեկացուցած է Եւրոյանձնաժողովի կայքը։ Մարք Քարնին պիտի ըլլայ եւրոպական այս ձեւաչափի հիմնադրումէն ի վեր առաջին ոչ-եւրոպացի առաջնորդը, որ որպէս հիւր պիտի մասնակցի այս հաւաքին։
Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, գագաթաժողովը պիտի անցնի «Կառուցելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայի մէջ» կարգախօսին ներքոյ։
«Երեւանի մէջ քննարկումները պիտի կեդրոնանան ժողովրդավարութեան դիմադրողականութեան ամրապնդման, հաղորդակցութիւններու զարգացման եւ տնտեսական եւ ուժանինւթային անվտանգութեան ամրապնդման վրայ։ Մասնակիցները պիտի քննարկեն՝ ինչպէս կրնան աւելի սերտ համագործակցելով եւ համակարգուած գործողութիւններով նպաստել աւելի դիմացկուն, անվտանգ եւ միասնական եւրոպական տարածքի ստեղծման», – յայտարարած է Եւրոյանձնաժողովը։

