Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմապազան «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարի համար չի կրնար օգտագործուիլ: Tert.am-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի Կովկասի բաժնի ղեկավար, ռազմական փորձագէտ Վլատիմիր Եւսէեւը՝ անդրադառնալով ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան, թէ ՀՀ-ի մէջ ռուսական ռազմակայանը պատրաստ է ԻՊ-ի դէմ պայքարելու:
Վ. Եւսէեւ ըսած է, որ Գիւմրիի մէջ ռուսական ռազմապազայի եւ ԻՊ-ի միջեւ կ’անցնի թրքական սահմանը, որու վրայով օդանաւային թռիչքները անհնար են: Իսկ Լաւրովի յայտարարութիւնը, ըստ փորձագէտի, դիւանագիտական բնոյթի է եւ քիչ հաւանական է, որ իր մէջ պարունակէ նման ծրագիրներ:
«Բացի այդ, Գիւմրիի մէջ տեղակայուած պազան ռազմաօդային չէ, այն ունի ռազմաօդային բաղադրիչ, որ ներկայացուած է հիմնական կործանիչ-կալանիչներով (խօսքը ՄԻԿ-29 ինքնաթիռներու արդիականացուած տեսակի մասին է), որոնք չեն կրնար օգտագործուիլ հարուածներու համար: Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմապազան ունի Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութեան նպատակ, ոչ թէ այլ պետութիւններու ուղղութեամբ ռազմական հարուածներ հասցնելու»,- շեշտած է Վլատիմիր Եւսէեւը:
Ռազմական փորձագէտը նշած է, որ 102-րդ պազան ռազմաօդային չէ, այն ցամաքային զօրք է, որ ունի ռազմաօդային բաղադրիչ, եւ բացի ՄԻԿ-29-էն, կան նաեւ ուղղաթիռներ: Եւսէեւ ըսած է, որ ուղղաթիռները կրնան հարուած հասցնել, բայց անոնք ունին թռիչքի հեռաւորութեան սահմանափակում:
«Չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմապազայի ուղղաթիռները հարուած կրնան հասցնել Սուրիոյ կամ Իրաքի ուղղութեամբ: Հասկնալի է, որ Թուրքիոյ տարածքով այդ ուղղաթիռները չեն թռչիր: 102-րդ պազան նպատակ չունի ԻՊ դէմ պայքարելու, անոր նպատակը Հայաստանի անվտանգութիւնը ապահովելն է հարեւան Թուրքիայէն»,- ընդգծած է Եւսէեւը:
Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ստեղծուած հակաօդային պաշտպանութեան համակարգն ալ, ռազմական փորձագէտի խօսքով, նպատակ չունի ու չի կրնար օգտագործուիլ ԻՊ-ի դէմ պայքարին մէջ: Այն եւս, ըստ Եւսէեւի, նպատակ ունի ամրացնել ՀՀ օդային սահմանները եւ պաշտպանել այն Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի օդային հնարաւոր հարուածներէն:
Դիտարկման, թէ կարծիքներ կան, որ ԻՊ-ը ոչ թէ Հայաստանին կը սպառնայ, այլ Ռուսաստանին, իսկ ՌԴ-ն օր մը օրանց կրնայ օգտագործել իր ռազմապազան իր անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար, ապա Վլատիմիր Եւսէեւը պատասխանած է. «Ի՞նչ կը կարծէք՝ Թուրքիան կը յարձակի՞ Ռուսաստանի վրայ: Դժուար թէ: Իսկ ռազմապազան Թուրքիայէն եկող սպառնալիքներէն պաշտպանուելու, զսպելու համար ստեղծուած է»: