Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Հրթիռային Հարուածներ Ղարաբաղի Զինուժի Ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական Հրթիռային Հարուածներ Ղարաբաղի Զինուժի Ուղղութեամբ

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը երեք հրթիռային հարուած հասցուցած են Ղարաբաղի ուղղութեամբ, վնասուած է երկու միաւոր   կառքեր, որոնցմէ մէկը «ՕՍԱ» տեսակի զէնիթահրթիռային համակարգ է, միւսը՝ ոչ մարտական: Այս մասին «Ազատութեան» տեղեկացուցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: Անոր խօսքով՝ հարուածներէն միայն մէկը հասած է նշանակէտին:

«Հրթիռով փորձել են խոցել զինթեխնիկա, տուեալ դէպքում հակաօդային միջոց, բայց կոնկրետ այդ միջոցն այդքան չի վնասուել: Այրուել է ուրիշ մեքենայ, որ ոչ մի կապ չունի զէնիթահրթիռային «ՕՍԱ» համակարգի հետ, եւ մարդկային կորուստներ էլ չեն եղել: Այդ մասին յայտնել է նաեւ Պաշտպանութեան բանակը»,- ըսած է Յովհաննիսեանը: Մինչդեռ՝ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարած էր, որ մէկ «ՕՍԱ» համալիր ոչնչացուցած է, մէկ լիցքաւորող մեքենայ եւ անոնք սպասարկող անձնակազմը։

Հրթիռային հարուածներու հետեւանքով հայկական կողմը վիրաւորներ նոյնպէս չունի, վստահեցուցած է Յովհաննիսեանը: Հարուածները արձակուած են պաշտպանական գիծի արեւելեան ուղղութեամբ, երկուշաբթի՝ 16:30-ի սահմաններուն։ Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ տեղեկացուցած է, որ Ատրպէյճանական կողմը կիրառած է «Սփայք» տեսակի իսրայէլեան հեռակառավարուող հրթիռներ։ Համացանցային բաց աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ այդ հրթիռի արժէքը մօտ 200 հազար տոլար է։

«Էնպէս էլ չի, որ հենց առաջին խոցումից, առաջին արձակումից կարողացել են դիպչել: Դա, բնականաբար, իրենք չեն խոստովանի: Քողարկման գործողութիւնները, գրագէտ մարտավարական աշխատանքը թոյլ է տուել խուսափել մեծ վնասներից, տուեալ դէպքում համալիրի կորստից»,- պարզաբանած է Արծրուն Յովհաննիսեանը:

Վերջին անգամ ատրպէյճանական կողմը «Սփայք» հրթիռներ կիրառած էր անցած տարի՝ ապրիլեան պատերազմի օրերուն։ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած է ատրպէյճանական կողմի հրթիռային հարուածները՝ անոնք «սադրիչ գործողութիւններ» որակելով։ Ղարաբաղեան կողմն ալ յայտարարած է՝ «սադրանքն անպատասխան չի մնալու»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment