Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը (ՀԾԿՅ) մտադիր է դադրեցնել միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր»ու (ՀԷՑ) ելեկտրականութեան բաշխման արտօնագիրը։ Համապատասխան որոշումը, որուն նախագիծն արդէն հրապարակուած է, պիտի կայացուի ՀԾԿՅ-ի Նոյեմբեր 13-ի նիստին:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ ՀԷՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեան գրութիւններ ներկայացուցած է յանձնաժողով, ըստ որոնց՝ 2025-ի Յունուարին ՀԷՑ-ի ինքնաշխատ հաշուառման համակարգը խափանուած է, ջնջուած են ՀԷՑ-ի ելեկտրականութեան հաշուառման ինքնաշխատ համակարգերու տուեալները՝ 2018-էն սկսեալ։
Որպէս երկրորդ հիմք յանձնաժողովը ներկայացուցած է ՀԷՑ-ի թերհաւաքագրումներն ու յաւելագրումները։ Անոնք արձանագրուած են «Գեղամայ», «Արաքս», «Ղարս», «Դեբեդ» մասնաճիւղերուն մէջ։ Օրինակ, յանձնաժողով ներկայացուցած տուեալներով, Ռոմանոս Պետրոսեան նշած է, որ ՀԷՑ-ի տարբեր տեղամասերու պետեր հրահանգած են ապահովել հոսանքի կորուստներ տարբեր տոկոսներով։
Որպէս երրորդ հիմք ՀԷՑ-ի արտօնագիրը կասեցնելու համար նշուած է ընկերութեան կողմէ «Տաշիր գրուպ»-ի մէջ մտած այլ ընկերութիւններու համար ֆինանսական երաշխիքներու տրամադրումը։ Նշուած վարկերը ստացուած են Հայաստանի առեւտրային դրամատուներէ։ Օրինակ, մէկ դէպքով «Տաշիր կապիտալ» ընկերութիւնը ստացած է 7 միլիոն տոլարի վարկ «Արդշինբանկ»էն, վարկի երաշխաւոր եղած է ՀԷՑ-ը, մէկ այլ պարագային «Ամիօ» դրամատունը միլիոնաւոր տոլարներ տրամադրած է «Արմհոլդինգ» ընկերութեան, որուն երաշխաւորը կրկին եղած է ՀԷՑ-ը։ Ըստ ՀԾԿՅ-ի, սա վարքագիծ էր, որով կրնար վտանգուիլ սպառողներուն հոսանքի մատակարարումը, կրնային ստեղծուիլ ֆինանսական ու անվտանգային խնդիրներ։
ՀԾԿՅ կը պնդէ, որ ՀԷՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչը ներկայացուցած է նաեւ փաստեր, որոնց համաձայն՝ ընկերութիւնը նախապէս զանգուածաբար ոչ-ճշմարիտ տուեալներ ներկայացուցած է յանձնաժողովին, ինչի արդիւնքով սխալ գնահատուած են բաշխման ցանցի ընթացիկ վիճակը, հոսանքի ընդհատումներու իրական քանակը, կորուստներու մեծութիւնները եւ այլն։

