Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ Ընդգծած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ «Պատմական» Համաձայնագրին Տնտեսական Մեծ Կարեւորութիւնը

Թրամփ Ընդգծած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ «Պատմական» Համաձայնագրին Տնտեսական Մեծ Կարեւորութիւնը

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը անուանած է «պատմական»՝ բարձր գնահատելով, որ երկիրներուն միջեւ կապուղիներու ապաշրջափակման նախագիծը կը կոչուի իր անունով։

Այս մասին ան խօսած է Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրներու ղեկավարներու հետ հանդիպման, որուն տեսանյութը տարածած է «The Associated Press»  գործակալութիւնը։

«Երեք ամիս առաջ իմ վարչակազմը նաեւ միջնորդ հանդիսացաւ խաղաղութեան պատմական համաձայնութեան համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Այդ մէկն էր այն ութ պատերազմներէն, որ մենք դադրեցուցինք ութ ամսուայ մէջ», – նշած է ԱՄՆ նախագահը։

Ան նաեւ անդրադարձած է «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին։

«Ինչպէս այդ ժամանակ ըսի, այս պատմական համաձայնութիւնը կ’ընդգրկէ նոր Թրամփի ուղիի կառուցում։ Այդ այնքան գեղեցիկ բան է։ Անոնք զայն իմ անունով կոչած են։ Ես այդ իսկապէս կը գնահատեմ։ Ատիկա մեծ նշանակութիւն ունի։ Նոր Թրամփի ուղի է՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան։ Այս ճանապարհը կ’անցնի աշխարհի ամենակարեւոր հատուածներէն մի քանիով, տնտեսական առումով աշխարհի ամենակարեւոր հատուածներէն մի քանիով»,- ընդգծած է Թրամփ։

Ան յաւելած է, որ այդ մեծապէս պիտի խթանէ առեւտուրը Կասպից ծովի հակառակ ափին՝ օգնելով Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն։ Սպիտակ տան ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ այդ երկիրներէն իւրաքանչիւրը պիտի օգտուի այն բոլոր հնարաւորութիւններէն, որոնք կը բացուին այս համաձայնութեան միջոցով։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment