Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Պաքուն Եւ Երեւանը Դեռ Շատ Ընելիքներ Ունին Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Անշրջելի Դարձնելու Համար». ՌԴ ԱԳՆ

«Պաքուն Եւ Երեւանը Դեռ Շատ Ընելիքներ Ունին Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը Անշրջելի Դարձնելու Համար». ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի աւարտին՝ Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան առնչութեամբ, ընդգծելով, որ անկէ յետոյ՝ Մոսկուայի միջնորդութեամբ, եւս չորս յայտարարութիւն ընդունուած է, որոնք մինչ օրս կը մնան ուժի մէջ։

Ողջունելով Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն միաժամանակ շեշտած է, որ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը պէտք է բխէ բոլոր երկիրներու եւ հարեւաններու շահերէն։

«Պաքուն եւ Երեւանը դեռ շատ ընելիքներ ունին երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը անշրջելի դարձնելու համար, ներառեալ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներու եւ անոնց անմիջական հարեւաններու շահերէն ելլելով ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու վերականգնումը, պետական սահմանի արդարացի սահմանազատումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ արդիւնաւէտ կապերու հաստատումը»,- յայտնած է Մոսկուան, կրկին ընդգծելով, որ պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը այս ուղղութեամբ, այդ շարքին՝ «3+3» հարթակի (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսաստան, Իրան եւ Թուրքիա) շրջանակներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment