ՀՀ Ազգային Ժողովը ամբողջութեամբ ընդունած է «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը փակելու նախագիծը:
Նախագիծը հեղինակած են «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներ Թագուհի Ղազարեանն ու Սիսակ Գաբրիէլեանը։ Պատգամաւորները կ’առաջարկեն կրճատել հանրային կարգավիճակ ունեցող հեռուստաալիքներուն թիւը՝ 3-էն դարձնելով 2։
Հանրային երեք ալիքներն են՝ «Առաջին ալիքը»՝ որպէս հիմնական հեռարձակող, հոգեւոր-մշակութային «Շողակաթը» եւ «Լուրեր» լրատուական ալիքը։

