Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Գագաթաժողովին

Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցած Է Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան Գագաթաժողովին

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրով Շարմ Էլ Շէյխի մէջ մասնակցած է Մերձաւոր Արեւելքի Խաղաղութեան գագաթաժողովին։

Գագաթաժողովի մասնակիցները դիմաւորած է Եգիպտոսի նախագահ Սիսին, այնուհետեւ երկիրներու ղեկավարները ողջունած է ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ։

Տեղի ունեցած է գագաթաժողովի մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու համատեղ տեսալուսանկարահանման արարողութիւն։

Գագաթաժողովի ծիրին մէջ ստորագրուած է Կազայի մէջ պատերազմի աւարտի վերաբերեալ համաձայնագիր, որ ստորագրած են Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսին, ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը եւ Քաթարի վարչապետ Մոհամմատ պըն Ապլտըռահման ալ-Թանին։

Ստորագրման արարողութենէն յետոյ ԱՄՆ եւ Եգիպտոսի նախագահները հանդէս եկած են յայտարարութիւններով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment