Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հեռախօսազրոյցը

Տեղի Ունեցած Է Նիկոլ Փաշինեանի Եւ Վլատիմիր Փութինի Հեռախօսազրոյցը

by MassisPost

Տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հեռախօսազրոյցը Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահը շնորհաւորած է ծննդեան օրուայ առիթով եւ բարեմաղթանքներ փոխանցած։

Կարեւորելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը` վարչապետ Փաշինեան բարձր գնահատած է այդ զարգացման գործին մէջ Ռուսաստանի նախագահին անձնական ներդրումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment