Հայաստանը ներկայացնող Արծուիկը Քիեւի մէջ Երեքշաբթի երեկոյեան «Եւրատեսիլ-2017» երգի մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլին ժիւրիի եւ sms քուէարկութեան արդիւնքով անցաւ եզրափակիչ եւ պայքարը պիտի շարունակէ 13 Մայիսին:
Եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Մոլտովայի, Յունաստանի, Շուէտի, Փորթուկալի, Լեհաստանի, Աւստրալիոյ, Կիպրոսի, Ատրպէյճանի եւ Պելճիքայի ներկայացուցիչները:
«Անսահման երախտիքս եմ յայտնում բոլոր նրանց, ովքեր կեանքիս այս կարեւորագոյն փուլում կողքիս են եւ սատարում են ինձ: Այժմ լիարժէք եմ հասկանում մի ամբողջ հայրենիք ներկայացնելու պատիւն ու պատասխանատուութիւնը, իսկ որ ամենակարեւորն է՝ այսօր գիտեմ` իրական թռիչքի համար թեւեր հարկաւոր չեն», – Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ ըսած է Արծուիկը:
«Եւրատեսիլ-2017»-ին երգչուհին կը ներկայանայ «Fly with me» երգով, որու երաժշտութեան համահեղինակները Լեւոն եւ Լիլիթ Նաւասարդեաններն են:
Մրցոյթի եզրափակիչ փուլը պիտի հեռարձակուի 13 Մայիսին ժամը 23-ին Հանրային հեռուստաընկերութեան եւ Հանրային ռատիոյի եթերով: Այն կրկին պիտի մեկնաբանեն Առաջին ալիքի հաղորդավարներ Աւետ Բարսեղեանն ու Գոհար Գասպարեանը, հայաստանեան միաւորները պիտի յայտարարէ «Եւրատեսիլ-2016»-ին Հայաստանը ներկայացուցած Իւեթա Մուկուչեանը: