Home ԱՅԼԱԶԱՆ Բախումներ Մոսկուայի Մէջ՝ Հայերու եւ Ատրպէյճանցիներու Միջեւ

Բախումներ Մոսկուայի Մէջ՝ Հայերու եւ Ատրպէյճանցիներու Միջեւ

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ 9 Մայիսին կայացած շքերթի ժամանակ հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ միջադէպ տեղի ունեցած է:

«Salam News»-ի փոխանցմամբ, «Անմահ գունդ» կոչուող շքերթի ժամանակ, երբ հարազատները կը տանէին 1941-45 թուականներու Հայրենական պատերազմի ընթացքին զոհուած իրենց նախնիներու լուսանկարները, Ռուսաստան բնակող հայերը շքերթին բարձրացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի դրօշը։ Ատրպէյճանցիները իրենց հերթին բարձրացուցած են իրենց երկրի դրօշը եւ սկսած են բացականչել՝ «հեռացուցէ՛ք փալասը»:

«Salam News»-ի տեսանիւթէն եւ լուսանկարներէն կ’երեւի, որ երկու խումբերէն իրեր նետուած են իրար վրայ, ռուսական յատուկ ջոկատայինները կանգնած են հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ:

Ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ միջադէպը տեղի ունեցած է Մոսկուայի մեթրոյի «Պելառուսկայա» կայարանի մօտ:

Ըստ այս գործակալութեան, Ռուսաստանի մէջ հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները «Արցախ» վանկարկած են՝ ծածանելով Ղարաբաղի դրօշը: Ատրպէյճանական սփիւռքի ներկայացուցիչները պահանջած են հեռացնել «անջատական ռեժիմի» դրօշը, սակայն հայերը յարձակած են անոնց վրայ, ինչի արդիւնքով քանի մը ատրպէյճանցիներ տուժած են: Այնտեղ գտնուող ոստիկանները իսկոյն միջամտած են: Ատրպէյճանցիները ոստիկաններէն ու յատուկ ջոկատայիններէն եւս պահանջած են հեռացնել Ղարաբաղի դրօշը, բայց անոնք ուշադրութիւն չեն դարձուցած այդ պահանջներուն վրայ:

Հայերու ու ատրպէյճանցիներու միջեւ բախումները կանխելու նպատակով յատուկ ջոկատայինները ուղեկցած են հայերուն, իսկ ատրպէյճանցիներուն որոշ ժամանակ պահած են այնտեղ՝ աւելի ուշ թողելով մասնակցիլ շքերթին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment