Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Մեծ Մասամբ Յաղթահարած Են Խաղաղութեան Ճանապարհին Առկայ Խոչընդոտները. Էրտողան

Հայաստանն Ու Ատրպէյճանը Մեծ Մասամբ Յաղթահարած Են Խաղաղութեան Ճանապարհին Առկայ Խոչընդոտները. Էրտողան

by MassisPost

Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը պիտի նպաստէ սահմանային անցակէտերու բացման եւ նոր ճանապարհներու եւ երկաթուղիներու գործարկման՝ յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը:

«Ես կը հաւատամ, որ Հարաւային Կովկասը պիտի հասնի այն խաղաղութեան, որուն կը ձգտի: Սպիտակ տան մէջ ստորագրութիւնները, անկասկած, արագացուցին Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացը։ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը մեծ մասամբ յաղթահարած են խաղաղութեան ճանապարհին առկայ խոչընդոտները եւ հասած վերջնափուլին»,- ըսած է Ռեճեպ Էրտողան: Անոր համոզմամբ՝ տարածաշրջանային երկիրները նոյնպէս պիտի շահին համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններէն։ Էրտողանի խօսքով՝ Ռուսաստանը եւ Իրանը ապագային նոյնպէս պիտի հասկնան, որ իրենց մտահոգութիւնները անտեղի էին:

Թուրքիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան: Անոր կարծիքով՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ նախագահները տակաւին պատրաստ չեն հանդիպման:

Ռեճեպ Էրտողան Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մօտեցումները դրական գնահատած է, սակայն կարծիք յայտնած է, որ հարկաւոր է բարձրացնել բանակցութիւններու մակարդակը: Էրտողանի խօսքով՝ յստակ արդիւնքներու հասնելու համար պէտք է հանդիպում կազմակերպուի երկու ղեկավարներուն միջեւ: Ան հերթական անգամ առաջարկած է Թուրքիոյ միջնորդութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment