Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Շօշափելի Օգուտներ Ունի Նաեւ Իրանի Ու Ռուսաստանի Համար․ Փաշինեան

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Ստորագրուած Համաձայնագիրը Շօշափելի Օգուտներ Ունի Նաեւ Իրանի Ու Ռուսաստանի Համար․ Փաշինեան

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ՝ Ուաշինթընի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրն ու հռչակագիրը միանգամայն շօշափելի օգուտներ կը պարունակեն նաեւ Իրանի եւ Ռուսաստանի համար։

Այս մասին ան ըսած է Fox News-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:

«Երբ այդ համաձայնագիրը կեանքի կոչուի, Իրանը երկաթուղով հասանելիութիւն կը ստանայ Պարսից ծոցից մինչեւ Սեւ ծով: Ռուսաստանն ու Իրանը կը կարողանան երկաթուղային կապ ունենալ երկու երկրների միջեւ»,- մանրամասնած է վարչապետը:

Ան յաւելած է, որ այժմ Կովկասէն Իրանը Ռուսաստանին կապող երթուղի չկայ, իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւններով կրնայ նման ուղի բացուիլ:

«Ես նկատի ունեմ, որ եթէ կեդրոնանանք այս համաձայնագրի տնտեսական կողմի վրայ, ապա ոչ միայն Հայաստանը, Ատրպէյճանը, ԱՄՆ-ն ու Թուրքիան, այլեւ Ռուսաստանն ու Իրանը կը ստանան շատ կարեւոր եւ իսկապէս շօշափելի, փաստացի աննախադէպ օգուտներ․ հիմա Հարաւային Կովկասից Իրանը Ռուսաստանին կապող երկաթուղի չկայ, ուստի ես դա համարում եմ շատ կարեւոր համաձայնագիր, որը կարող է զգալի օգուտներ բերել բոլոր երկրներին, ինչպէս նաեւ ամբողջ միջազգային հանրութեանը միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան շրջանակում։

«Ես արդէն նշեցի, որ մենք ունենք մի նախագիծ, որը կոչւում է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ», եւ իսկապէս այդ համաձայնագիրը կարող է դառնալ համագործակցութեան խաչմերուկ, եւ հէնց դա է մեր նպատակը»,- ըսած է Փաշինեան։

ՀՀ վարչապետը աւելցուցած է, որ Հայաստանը միշտ ալ ուզած է խաղաղութիւն եւ չէ ուցած տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւն հրահրել կամ վէճերու կեդրոնին յայտնուիլ:

«Մեր նպատակը կայունութիւնն է, խաղաղութիւնը, կայուն զարգացումը, տնտեսական եւ քաղաքական համագործակցութիւնը: Եւ ես կարծում եմ, որ հռչակագիրը շատ կարեւոր եւ յարմար հարթակ է դրա համար»,- յաւելած է վարչապետ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment