Հայաստանի կառավարութիւնը կը սկսի «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան (ՀԵՑ) կառավարումը ստանձնելու գործընթաց։
Այս մասին յայտնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կառավարութեան նիստի ընթացքին։
«Ակնյայտ է, որ պետութիւնը պէտք է շատ արագ վերցնի «Հայաստանի էլեկտրական ցանցեր» ընկերութեան կառավարումը եւ հետագայ գործընթացների իրականացումը՝ պետականացման եւ ընկերութեան կառավարման արդիւնաւէտութեան ուղղութեամբ։ Պէտք է սա արագ եւ արդիւնաւէտ իրականացնենք»,- նշեց Փաշինեան։
Վարչապետը այս առումով անդրադարձած է նաեւ Յունիս 25-ին տեղի ունեցած միջադէպին, երբ «Հոմփլեքս Մոլ»-ի բացման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած էր հոսանքազրկում։
«Մարդիկ 70 միլիոն տոլարի ներդրում են արել եւ չեն կարողանում բնական բացման արարողութիւն անել։ Այստեղ երկու տարբերակ կայ՝ կամ յատուկ սապոթաժ է, կամ համակարգը տեխնիկապէս ի վիճակի չէ։ Երկու դէպքում էլ իրենք բոլոր գծերն անցել են»,- ընդգծեց Փաշինեան։
Վարչապետը նշեց, որ այս հարցը քննարկուած է քաղաքական մակարդակով՝ ՀՀ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան եւ Ազգային Ժողովի խմբակցութեան շրջանակին մէջ։ Կառավարութիւնը արդէն իսկ նախապատրաստած է համապատասխան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները։
Ան նշեց, որ կը նախատեսոպի, որ առաջին անհրաժեշտ քայլը պիտի ըլլայ պետական կառավարման ստանձնումը, որմէ յետոյ կը քննարկուին հնարաւոր բեմագրերը՝ ընկերութեան լիարժէք պետականացման, կառավարման բարեփոխումներու եւ արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ։
Փաշինեան շեշտեց, որ կառավարութեան ռազմավարական նպատակն է ապագային ապահովել նաեւ ՀԵՑ-ի բաժնետոմսերու ազատ բաժանորդագրութեան հնարաւորութիւն, որպէսզի Հայաստանի քաղաքացիները կարենան դառնալ ընկերութեան համասեփականատէրեր։
«Մենք պէտք է ապահովենք այնպիսի երաշխիքներ, որ Հայաստանի քաղաքացիները հնարաւորութիւն ունենան իրենց խնայողութիւններով բաժնետոմսեր ձեռք բերել։ Նման ռազմավարական նպատակ ունենք նաեւ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանի պարագայում»,- նշեց վարչապետը։

