Աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն համար նոր մաքսատուրքեր սահմանելու նախագահ Տոնալտ Թրամփի քայլը չէ շրջանցած նաեւ Հայաստանը: Քանի մը օրէն հայկական ապրանքները Միացեալ Նահանգներու շուկայ հասցնելու համար պէտք պիտի ըլլայ ապրանքներու 10 տոկոսի չափով տուրք վճարել: Միացեալ Նահանգներու մէջ վաճառուող հայկական ապրանքները այս որոշմամբ առնուազն 10 տոկոսով պիտի թանկանան, կ’ընդգծեն հայ գործարարները:
Քոնեակի արտադրութեամբ ու արտահանմամբ զբաղող Կարէն Խաչիկեան իրենց ոլորտէն օրինակ կը բերէ. ամերիկացի սպառողը թանկացած հայկական քոնեակի փոխարէն այլ տարբերակ պիտի փնտռէ:
«Տեղական գնորդն արդէն նախապատուութիւնը կու տայ տեղական արտադրանքին, իսկ տեղում պուրպոններն են արտադրւում բաւականին մեծ քանակի, եւ դրանք արդէն կը լինեն շատ աւելի գերադասելի գնային առումով»,- «Ազատությեան» հետ զրոյցին ըսաւ ան:
Ըստ Պետական Եկամուտներու Կոմիտէին՝ Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ արտահանուող հիմնական ապրանքներն են ալքոհոլային խմիչքները, կաթնամթերքը, բանջարեղէնի պահածոները, ջուրերը, ծխախոտը, թանկարժէք քարերը եւ այլն: Վիճակագրական Կոմիտէի տուեալներով՝ 2024-ին Հայաստանէն Միացեալ Նահանգներ 60 միլիոն տոլարի ապրանք արտահանուած է: Փոխադարձ առեւտուրն ալ 410 միլիոն տոլար կազմած է:

