Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյեան ընդունած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնօն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի, մասնաւորապէս, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին շուրջ: Երկուստէք կարեւորուած է «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի նախագիծի համաձայնեցումը: Այս առումով, վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է ՀՀ Կառավարութեան հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին:
Մակտալենա Կրոնօ կարեւորած է համաձայնագրի ստորագրում եւ համոզմունք յայտնած, որ այն պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման:
Կողմերը անդրադարձ կատարած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու ԵՄ օժանդակութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման վերաբերող հարցերու:

