ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Չան Թան Մանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Ալէն Սիմոնեան նախ առանձնազրոյց ունեցած է վիեթնամցի գործընկերոջ հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստան այցելելու իր հրաւէրն ընդունելու ու նման բարձր ներկայացուցչական կազմով Հայաստան այցելելու համար: Չան Թան Ման, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՀ ԱԺ նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար՝ նշելով, որ շատ տպաւորուած է Հայաստան այցով:
Առանձնազրոյցին յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմ օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցեր՝ մասնաւորապէս շեշտը դնելով միջխորհրդարանական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերու կապերու աշխուժացման վրայ:
Հանդիպման ընթացքին Ալէն Սիմոնեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի արդէն աւարտին հասցուած նախագիծին՝ նշելով, որ հայկական կողմը պատրաստ է զայն ստորագրելու, ինչին ի պատասխան՝ Չան Թան Ման նշած է, որ Վիեթնամ կ’աջակցի երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման գործընթացին:
Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի եւ Վիեթնամի միջեւ տնտեսական կապերու աշխուժացման հարցերուն ու այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող յստակ քայլերու մշակման անհրաժեշտութեան: Ալէն Սիմոնեան Վիեթնամի ԱԺ նախագահի ուշադրութիւնը հրաւիրած է նաեւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու խնդիրին:
Հանդիպման աւարտին երկու երկիրներու ԱԺ նախագահներուն կողմէ ստորագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի եւ Վիեթնամի Սոցիալիստական Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին միջեւ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը:



