Անցեալ շաբաթ ԱՄՆ-ի Գաղթի եւ մաքսային ծառայութեան կայքը տեղեկացուց, որ Հայաստան ծնած Վարդան Եուրիկի Ղուկասեանը կը գտնուի Նեւատա նահանգի Հենտերսընի ձերբակալուածներու ժամանակաւոր պահման վայրին մէջ:
Լաս Վեկասի մէջ սպասուող քննութեան ընդառաջ Վարդան Ղուկասեանի կուսակիցներն ու աջակիցները հաւաքուած էին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանատան առջեւ՝ պահանջելով Նահանգներու իշխանութիւններէն չարտայանձնել Ղուկասեանը Հայաստանին: ԴՕԿ կուսակցութեան անդամներն ու աջակիցները վստահ են, որ Հայաստանի մէջ Ղուկասեանի կեանքին վտանգ կը սպառնայ:
«Վարդան Ղուկասեանի կեանքը վտանգուած է Հայաստանում, ինքը պէտք է չգայ, արտերկրում աւելի մեծ գործ է անում, իր ձայնն այստեղ լռեցնելու են»,- ըսին անոր համակիրները:
Բողոքի շարժման մասնակցիները Միացեալ Նահանգներու մէջ Վարդան Ղուկասեանի ձերբակալութեան հետ կապուած տարբեր բեմագրեր կը քննարկէինք: Ոմանք համոզուած էին, թէ իշխանութիւններուն մատը կայ, ոմանք պարզապէս յուսահատած էին:
Ղուկասեանի աջակիցներէն շատերը կ’անդրադառնային անոր ուղղուած քննադատութիւններուն, թէ ԴՕԿ կուսակցութեան ղեկավարը անդադար կը հայհոյէ ու կը սպառնայ ուղիղ եթերով, կը յորդորէին չկեդրորանալ Ղուկասեանի հայհոյանքներուն վրայ, այլ անոր գաղափարներուն հետեւիլ:
Կուսակցութեան աջակիցները դեսպանատան առջեւ հաւաքուած էին բազմալեզու պաստառներով՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն: Բողոքի շարժման ընթացքին ցուցարարները ԱՄՆ-ի դեսպանատան տան առջեւ նաեւ «Քոչարի» պարեցին՝ ի աջակցութիւն իրենց կուսակցութեան ղեկավարին, ապա առաջարկ եղաւ շարժումը աւարտել մոմավառութեամբ:

