2024 թուականին Հայաստանը USAID-ի հետ դրամաշնորհային համաձայնագրի ընդհանուր փաթեթէն նախատեսուած 250 միլիոն տոլարի փոխարէն ստացած էր 110 միլիոն տոլար, որ նախատեսուած էր ԱՄՆ-ի հետ համագործակցութեան զարգացման շրջանակներուն մէջ։ «Sputnik Արմէնիա»-ի գրաւոր այս մասին հարցումին ի պատասխան յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն։
Խօսքը ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելոյի միջեւ 2024 թուականի Սեպտեմբերին ստորագրուած փաստաթուղթի մասին է, որով փոփոխութիւններ կատարուած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած դրամաշնորհային համաձայնագրին մէջ։
Այսպիսով, USAID-ի (ԱՄՆ ՄԶԳ) համաձայնագրով նախատեսուած գումարին շեմը գրեթէ կրկնապատկուած էր՝ 120 միլիոն տոլարէն հասնելով 250 միլիոն տոլարի, ինչպէս նաեւ ընդլայնուածէին համատեղ ծրագրերուն ուղղութիւնները։
ԱԳՆ-էն նշած են, որ Պետական Քարտուղարութեան եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ի կողմէ ֆինանսաւորուող արտաքին աջակցութեան բոլոր ծրագրերը սառեցուած են, գերատեսչութիւնն ալ գործակալութեան հետ համատեղ իրականացուելիք ծրագրեր չունի։
«2024 թուականի դրութեամբ 250 միլիոն տոլարից յատկացուել է 110 միլիոն տոլար, որի շուրջ 49 միլիոն տոլարը ուղղուել է «ժողովրդավարական անցման խթանմանը»»,- պարզաբանած են ԱԳՆ-էն։

