Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Հետ Մտած Ենք Առարկայական Փուլ. ՀՀ ԱԽ Քարտուղարը` Նոր Հիւլէակայանի Կառուցման Մասին

ԱՄՆ-ի Հետ Մտած Ենք Առարկայական Փուլ. ՀՀ ԱԽ Քարտուղարը` Նոր Հիւլէակայանի Կառուցման Մասին

by MassisPost

Նոր հիւլէակայանի կառուցման հարցին հետ կապուած ԱՄՆ-ի հետ մտած ենք առարկայական փուլ։

«ՀՀ-Արեւելեան Գործընկերութիւն-ԵՄ. գործընկերութեան մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւններ» խորագրով քննարկման ժամանակ այս մասին ըսած է Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

Անոր խօսքով՝ հիմա ԱՄՆ-ի հետ կը քննարկուի իրաւապայմանագրային դաշտը կարգաւորելու հարցը, քանի որ առանց անոր այս հարցին մէջ յառաջ երթալ չեն կրնար։

«Այս պահին գնդակն ԱՄՆ-ի դաշտում է։ Մենք ակնկալում ենք, որ այս հարցն անցնի ԱՄՆ ներհամակարգային գործընթացները, որ դրանից յետոյ կարողանանք աշխատել»,- ըսած է Գրիգորեան՝ յաւելելով, որ հիւլէակայանի հարցը երկարաժամկէտ համագործակցութիւն է, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը ԱՄՆ-ի հետ ունի նաեւ կարճաժամկէտ ծրագրեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment