Ֆրանսան կ’ողջունէ Մայիս 10-ին եւ 11-ին Ալմաթիի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարներուն միջեւ բանակցութիւններու հերթական փուլի կայացումը։ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի. «Ֆրանսան 2022 թուականի Հոկտեմբեր 7-ին Փրակի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպման համաձայն՝ կ’ընդգծէ կողմերու՝ 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրին յանձնառութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը, տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը՝ որպէս այս գործընթացի հիմք։ Այս ծիրին մէջ ԱԳՆ-ն կոչ կ’ընէ շարունակելու գործընթացը 2024 թուականի Ապրիլ 19-ին համաձայնեցուած սկզբունքներու հիման վրայ եւ շարունակելու իրականացուած առաջին սահմանազատման աշխատանքները։
Միաժամանակ ան կոչ կ’ընէ շարունակելու բանակցութիւնները՝ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման նպատակով։ Մենք կ’ողջունենք Ղազախստանի իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնը՝ աջակցելու այս բանակցութիւններու կայացման։ Ֆրանսան պիտի շարունակէ իր գործընկերներուն հետ համատեղ գործունէութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ արդարացի եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան»։

