Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24-ի Նախօրեակին

Ապրիլ 24-ի Նախօրեակին

by MassisPost

Մի քանի օրէն Հայութիւնը եւ քաղաքակիրթ աշխարհը կը նշեն 108-րդ տարելիցը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան, որուն զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող երկու միլիոն հայեր, որոնք  տարհանուելով իրենց բնօրրանէն ու քշուելով Սուրիոյ կիզիչ անապատները, Ճանապարհին ենթարկուեցան անմարդկային սարսափազդու վայրագութիւններու՝ դառնալով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան վկաները:

Այդ թուականէն ասդին Հայ ժողովուրդը կը սգայ իր զոհերը ու կը շարունակէ  պահանջել Թուրքիոյ նախկին ու ներկայ իշխանութիւններէն առերեսուելու իրենց պատմութեան սեւ էջերուն հետ, ընդունելու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ հատուցում տալու զոհերու իրաւայաջորդներուն:

Մինչ Թուրքիա կը շարունակէր ժխտել  պետական մակարդակով ծրագրուած ու ի գործ դրուած իր հայաջինջ քաղաքականութեան փաստը, Հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ ապահովել մեծ պետութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Թրքական իրարայաջորդ կառավարութիւններու բոլոր ջանքերն ու սպառնալիքները մատնուեցան ձախողութեան ու վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական երկիրները՝ մէկը միւսին ետեւէն ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ընդունեցին նաեւ շարք մը թուրք մտաւորականներ, որոնք օգտագործելով Էրտողանի կառավարութեան ապահոված որոշ ազատութիւնները, սկսան միանալ Հայութեան ու նշել Ապրիլ 24-ի տարելիցը՝ Պոլսոյ հրապարակներուն վրայ պարզելով զոհ դարձած Հայ մտաւորականներու նկարները: Վերջին մի քանի տարիներուն սակայն,  «թրքական գարունը» վերջ գտաւ, երկիրը վերադարձաւ իր նախկին բռնատիրական սովորութիւններուն ու թուրք մտաւորականներէն շատեր դարձան աւելի զգուշաւոր:

Թուրք պետութիւնը ոչ միայն կը ժխտէ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլ եւ իր փոքր եղբօր՝ Ատրպէյճանի հետ ձեռքձեռքի տուած նոր ցեղասպանութեան համար հող կը պատրաստէ: Արցախը Հայաստանի կապող՝ Լաչինի միջանցքի փակումը մէկ օղակն է այդ հայաջինջ քաղաքականութեան: Այդ երկու երկիրներուն մօտաւոր նպատակն է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ Արցախահայութիւնը ստիպողաբար հեռանայ իր հայրենիքէն՝ մերժելով ապրիլ ազերի իշխանութեան լուծին տակ: Հեռաւոր նպատակը կը մնայ նոյնը. «Զանգեզուրի Միջանցք» անուան տակ փոքրացնել Հայաստանը ու գործադրութեան դնել թուրքազգ ժողովուրդներուն միացման փանթուրանական ծրագիրը:

Հայ ժողովուրդը թէեւ ներկայիս կանգնած է դժուար մարտահրաւէրներու առջեւ, սակայն մեր թշնամիները պիտի չկարողանան հասնիլ իրենց վերջնական նպատակներուն: Այդպէս եղած է մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին ու այդպէս  պիտի շարունակէ մնալ արդի ժամանակներուն՝ շնորհիւ մեր ժողովուրդի անկոտրում կամքին ու իր նահատակներէն փոխանցուած կտակին, որուն կը մնանք ազգովին հաւատարիմ:

Անգամ մը եւս կը խոնարհինք մեր սրբացած նահատակներուն յիշատակին առջեւ ու կը շարունակենք պահանջել՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment