Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլ 24 – Մենք եւ Մեր Դժբախտութիւնները

Ապրիլ 24 – Մենք եւ Մեր Դժբախտութիւնները

by MassisPost

ՅԱՐՈՒԹ ՏԷՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Վերեւի խորագիրը մի քանի անգամ փոփոխութեան ենթարկեցինք, որովհետեւ երբ ամիս մը առաջ սկսանք գրի առնել մեր այս խորհրդածութիւնները, շատ վստահ չէինք, որ ու՞ր պիտի առաջնորդէին մեզ եւ ի՞նչ եզրակացութեան պիտի յանգէինք: Մենք որոշած էինք, որ փոխանակ մի քանի ժամուայ վրայ ամփոփելու մեր խորհրդածութիւնները, մէկ ամսուայ վրայ պարբերաբար մտածէինք մեր արծարծելիք հարցի մասին, արձանագրէինք մեր տպաւորութիւնները եւ ըստ այնմ վերանայէինք խորագիրը: Հարցը հետեւեալն է. «Մեր ազգի գլխուն եկած դժբախտութեանց աղբիւրը որքանո՞վ արտաքին ուժերէ եկած է եւ որքանո՞վ՝ ներքին:»

Ընդունինք, որ հարցը շատ խրթին է եւ կարելի չէ յօդուածի մը սահմաններուն մէջ սպառիչ պատասխան տալ: Բայց եթէ յաջողինք այս մասին մտքեր հրահրել, հոգեկան բաւարարութիւնը պիտի ունենանք, որ մեր յօդուածը իր նպատակին ծառայած պիտի ըլլայ:

Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող եւ երկու հազարամեակ առաջ Հռովմէական եւ Պարսկական կայսրութեանց միջեւ երրորդ ուժ հանդիսացող Հայկական պետութիւնը ինչո՞ւ «փոքր ածու»ի վերածուեցաւ եւ պարտութիւնէ պարտութիւն երթալով պարզապէս գոյութիւն մը քարշ տուաւ, պարբերական փայլատակումներով: Այս մասին «Մասիս»ի 2011 Ապրիլ 23 եւ 30 թիւերուն մէջ գրած ըլլալով, զանց կ’առնենք կրկնութիւններ կատարելէ, թուելով միայն ենթախորագիրները. Հայաստանի աշխարհագրական դիրքն ու շրջապատը, անկախ պետականութեան գիտակցութիւն, արտագաղթ, ձուլում եւ կրօնափոխութիւն, Քրիստոնէութիւն, ազգասիրութիւն եւ անձնասիրութիւն, ժողովրդավարութիւն, քաղաքացիական գիտակցութիւն, օրէնքի գերակայութիւն, բարձր տեսլականի առաջնորդութիւն, մօտաւոր եւ հեռաւոր նպատակային ծրագրաւորում:

Դատելով վերեւի ենթախորագիրներէն, ընթերցողը կրնայ եզրակացնել, որ շեշտը աւելի «ներքին»ի վրայ է, քան՝ «արտաքին»ի: Հոն կը գրէինք. «Մեր նպատակը, Եղեռնի 96-ամեակի նշման այս օրերուն, մեր ընթերցողները մղել է, որ սովորական դարձած ու յաճախակիօրէն կրկնուող «քլիշէ» մտքերէն անդին անցնին եւ Ջարդի վրայ կեդրոնանալէն անդին, մտածեն մեր վտանգուած գոյերթը ամրակայելու մասին: Մանաւանդ երբ մեր աչքին առջեւ Հայաստանը ահազանգային թափով կը դատարկուի իր բնակիչներէն եւ Սփիւռքն ալ նոյնքան ահագնօրէն կ’այլասերի ու կը հիւծի: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը եւ անոր դարմաններ որոնելու աշխատանքը:» Որպէս դարմանի միջոց, կ’առաջարկէինք կարդալ Պատմահայր Խորենացիի «Ողբ»ը, «ուր մի առ մի նշուած է թէ մեր հասարակութեան ամէն մէկ անհատը ի՞նչպիսի վարքագիծ պէտք է որդեգրէ, բարձրանալու եւ իր հետ բարձրացնելու համար հայ ազգը իր ողբալի վիճակէն»: Կը նշէինք նաեւ Մահաթմա Կանտիի մէկ խօսքը, որ անհատ քաղաքացիներու ներքին անկախութեան ձգտումն ու տիրացումը, նախապայման է երկրի մը արտաքին անկախութեան նուաճման: Բնականաբար կ’անդրադառնայինք նաեւ Չարենցեան պատգամին. «Խորենացիի խրատներէն մինչեւ Չարենցեան պատգամը այլեւս պէտք չէ իյնան խուլ ականջներու վրայ, այլ պէտք է շեփորուին բարձրաղաղակ ու քանդակուին ամէն մէկ հայի գիտակցութեան մէջ: Եթէ անշուշտ կ’ուզենք կասեցնել մեր գահավէժ ընթացքը եւ բեկումնային շրջադարձ մը իրագործել:»

Ինչպէս կը տեսնէք, շեշտը միշտ ալ «ներքին»ը ամրացնելու վրայ է, որովհետեւ այդ է հիմքը արտաքին յաջողութեանց հասնելու: Սիլվա Կապուտիկեանի դիտմունքով, Վան հասնելու ճամբան կը սկսի հզօր Երեւանէն: Բնականաբար, տաղանդաշատ բանաստեղծուհիին նկատողութիւնը նորութիւն մը չէր, որովհետեւ իրմէ առաջ ալ մեր այլ մեծեր նոյնպիսի խրատներ տուած են: Մեր յօդուածներուն մէջ մենք տեղ տուած ենք Ռաֆֆիի ինքնաճանաչութեան յորդորներուն, Թումանեանի «մենք ներսից ենք փչացած» ախտաճանաչման եւ կամ Կոմիտասի գանգատներուն՝ արժանաւոր մարդիկը պաշտօնի չկոչելու ցաւին: Բերած ենք նաեւ օրինակներ հինգերորդ դարի մեր մեծերու յորդորներէն եւ Նուարսակի դաշնագրի պայմաններէն: Նշած ենք նաեւ, որ մեր Արշակունեաց թագաւորութեան վերջին ութը թագաւորներէն վեցն բնական մահով չաւարտեցին իրենց գահակալութիւնը, զոհ երթալով ներքին դաւադրութեանց:

Համոզուեցա՞ք, որ երբ ներքին ճակատի վրայ երկփեղկուած ենք ու անհամերաշխ, բնականաբար խոցելի կը դառնանք ու կը շահագործուինք արտաքին ուժերու կողմէ: Ուրեմն ինչո՞ւ թերացած ենք այս անհրաժեշտ գործին մէջ՝ հաւաքական աշխատանքով հետապնդելու մեր ազգային գերագոյն շահերը: 1910-ին հրատարակած իր «Հայը եւ իր ճամբան. Քաղաքականութիւնը եւ մենք» յօդուածին մէջ, Թումանեան կը գրէր. «Միշտ առաջնորդւում ենք քամու հոսանքներով, նախապաշարումներով ու թիւրիմացութիւններով, ամէն անգամ էլ դառնութեամբ հաշուելով մեր կոպիտ սխալներն ու կորուստները, ամէն անգամ էլ ամէն մէկս ետին թուով հանդիսանալով խելօք ու հեռատես, երբ եղածն անցել է անդառնալի:» Ու կը յանձնարարէր, որ «Առաջին ու մեծ տեղը պէտք է բռնեն մեր աշխարհքը, մեր կեանքը, այդ կեանքի հարցերն ու նրանց լուրջ, ամենակողմանի ուսումնասիրութիւնը:»

Շատ լաւ գիտակցելով, որ աշխարհը միշտ ալ փոփոխութիւններու ենթակայ եղած է ու պիտի շարունակէ ըլլալ, կայսրութիւններու ու մեծ պետութեանց անկումով եւ նորերու երեւումով, Թումանեան մեր նշած յօդուածին մէջ կը գրէր. «Ժողովուրդները ապրում են քաղաքական մեծ պայքարներով, երկիրներ ու ազգեր տիրելու եւ կառավարելու ծրագիրներ ունեն, առեւտուրի մեծ շուկաներ ու ազդեցութիւնների ասպարէզներ ձեռք բերելու խնդիրներ ունեն, միլիարդներով փոխառութիւն անելու, դաշնակցութիւններ կապելու հոգսեր ունեն, խաղում են իրենց ահռելի ուժերով, աշխարհքներ ու ազգեր են շարժում, եւ արթուն, ուշի՛ ուշով հետեւում են ամէն մէկը միւսի կամ ամբողջ աշխարհքի քաղաքական կեանքի ընթացքին, մանրամասն հաշուի են առնում դիմացինի այս կամ այն շարժումը, նաւերի թիւն ու զօրաբանակը, աշխատում են գուշակել մէկը միւսի տեսակցութիւնն ու խօսակցութիւնը, զբաղւում են դրանով, խորհրդածութիւններ են անում, եւ այդ պատճառով իրենց թերթերն ու յօդուածներն էլ նուիրում են դրանց:» Իսկ մենք, այդ բոլորին ի տես, ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակենք, ապահով հիմերու վրայ դնելու համար մեր գոյերթը եւ ոտնատակ չերթալու համաշխարհային պայքարներու թատերաբեմին վրայ: Ընդունուած իրականութիւն է, որ դարերու ընթացքին Հայաստանը միշտ ալ կռուախնձոր դարձած է մեծերու մրցակցութեան, Արեւելք-Արեւմուտք եւ կամ Հիւսիս-Հարաւ պայքարին: Ինչո՞ւ չենք յաջողած մեր ժողովուրդի մտայնութեան մէջ հիմնաւորել այդ մրցակցութիւնէն ու պայքարէն լաւագոյնս օգտուելու եւ կամ նուազագոյն վնասով դուրս գալու կենցաղային մշակոյթը: Մշակոյթ մը, որ բնականաբար զարկ պիտի տար անհատական յաջողութիւնները նաեւ ծառայեցնելու ազգային շահին: Ընդհակառակը, մեր մէջ միշտ ալ գերիշխող եղած է եսասիրութիւնը, որուն պատճառաւ հետամուտ եղած ենք մեր անձնական եւ կամ հատուածական շահին, նոյնիսկ ի վնաս ազգայինին:

Այսօրուան մեր աշխարհացրիւ մեծահարուստները որքանո՞վ տարբեր կը շարժին Եղեռնի նախօրեակին Պաքուի, Թիֆլիսի եւ կամ Պոլսոյ մեր մեծահարուստներէն: Անոնց հարստութիւններէն ի՞նչ մնաց ազգին: Մէկ գիշերուան մէջ, Ապրիլ 23-24-ին արտաքին թշնամին ձերբակալեց եւ մահուան առաջնորդեց աւելի քան 600 հայ աւագանիներ: Սկիզբ առաւ Եղեռնը, մեր պատմութեան մեծագոյն դժբախտութիւնը, որուն հետեւանքները տակաւին կը կրենք: Դաս քաղեցի՞նք ատկէ: Կը կասկածինք: Որովհետեւ եթէ քաղած ըլլայինք, հայու ձեռքով պիտի չգլխատէինք մեր պետական աւագանին 27 Հոկտեմբեր 1999-ին: Որքանո՞վ տարբեր էր այդ քստմնելի արարքը 374 թուին Պապ թագաւորի եւ կամ 1727 թուին Մխիթար Սպարապետի դաւադրաբար սպաննութիւններէն: Իրաւունք չունի՞ Թումանեան, երբ կ’ըսէր, որ «մենք ներսից ենք փչացած»: Հարիւրամեակ մը անցած է այդ խօսքէն: Ի՞նչ փոխուած է:

1920 թուի Կարսի ամօթալի անկումէն դաս քաղեցի՞նք: Դարձեալ կը կասկածինք: Որովհետեւ եթէ քաղած ըլլայինք, 44-օրեայ պատերազմը այլ ելք կ’ունենար եւ Շուշին չէր յանձնուեր: Այսօրուան դրութեամբ, հայկական բանակի աւելի քան 50 զինուորականներ, ներառեալ հրամանատար ու բարձրաստիճան սպաներ կը մեղադրուին լրտեսական եւ պետական դաւաճանութեան մէջ ու ոմանք արդէն ձերբակալուած են: Ըստ վարչապետ Փաշինեանի վերջերս կատարած յայտարարութեան, «իմ համոզմունքն այն է, որ մենք պատերազմը պարտուել ենք այն պատճառով, որովհետեւ մեր բանակում գործել է 5-րդ շարասիւն: Սա իմ համոզմունքն է՝ մի շարք փաստերի վերլուծութեան արդիւնքում: Կարծում եմ՝ առաջիկայում այս փաստերն այնքան հրապարակային կը լինեն, որ իմ այս յայտարարութիւնն այնքան տարօրինակ չի թուայ, որքան թուացել է:»

Ե՞րբ պիտի թօթափենք մեր եսասիրութիւնը եւ անձնական շահը նաեւ ծառայեցնենք ազգային շահին: Ե՞րբ պիտի դադրինք մեր կործանարար ինքնախաբէութիւնէն եւ լրջօրէն լծուինք ինքնաճանաչման աշխատանքով մեր «փոքր ածու»ի բարգաւաճման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment