Մոսկուան ջանքեր կը գործադրէ Կովկասի մէջ առճակատման հնարաւորութիւնը վերացնելու ուղղութեամբ, յայտարարած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, ընդգծելով որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է յստակ հետեւիլ Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ աւելի վաղ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն:
«Մոսկուան աշխուժօրէն կ’աշխատի Հարաւային Կովկասի մէջ կուտակուած հակամարտութեան ներուժը յաղթահարելու ուղղութեամբ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ առաջնահերթ խնդիրներէն մէկը հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումն է», յայտարարած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը, յաւելելով. «Վստահ ենք, որ գործընթացին յաջողութիւնը ամբողջութեամբ կախուած է եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու յստակ կատարումէն»:
Արտաքին Գործերու Նախարարութեան արձագանգը հրապարակուած է անցեալ տարեվերջեան ասուլիսին նախարար Սերկէյ Լաւրովին տրուած գրաւոր հարցումներուն ի պատասխան: Լրագրողներէն մէկը, մասնաւորապէս, հետաքրքրուած էր, որ ռազմավարական ի՞նչ ծրագիր կը հետապնդէ Ռուսիան Հարաւային Կովկասի մէջ, եւ ի՞նչ նպատակներ կը դնէ իր առջեւ յառաջիկայ հինգ տարիներու կտրուածքով:
«Ռուսիան, որ անմիջականօրէն սահմանակից է Հարաւային Կովկասին, շահագրգիռ է, որպէսզի այստեղ կայունութիւն եւ բարգաւաճում ըլլայ», արձագանգած է Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը, մանրամասնելով որ Մոսկուան հետաքրքրուած է, որ բացայայտուին եւ փոխշահաւէտ կերպով օգտագործուին տարածաշրջանի փոխադրութեան-լոկիսթիք, առեւտրա-ներդրումային եւ արհեստագիտական հնարաւորութիւնները:
«Մեր դիւանագիտութեան ջանքերը նոյնինքն անոր ուղղուած են», յաւելած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը:
Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ առաջնորդներուն միջեւ 2020-ի պատերազմէն յետոյ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու շարքին մէջ առայժմ որեւէ քայլ չէ կատարուած տարածաշրջանի փոխադրութեան կապերն ու հաղորդակցութեան ուղիները բանալու ուղղութեամբ: Արդէն մօտ երկուքուկէս տարիէ Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ այդ փաստաթուղթերով Հայաստանը պէտք է միջանցք տայ դէպի Նախիջեւան, Երեւանը կ’արձագանգէ, որ նման դրոյթ որեւէ փաստաթուղթի մէջ չկայ:
Պաշտօնական Մոսկուան քանի մը անգամ արձանագրած է, որ նոր բացուող ճանապարհները պէտք է ըլլան այն երկիրներու իրաւասութեան ներքոյ, որոնց տարածքով կ’անցնին: