Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարար Գնէլ Սանոսեան ընդունած է «Քորփորասիոն Ամերիկա Օդակայաններ» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարթին Էռնէքեանը:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Արմենիա Միջազգային Օդակայաններ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Մարսելօ Վենտէն եւ փոխտնօրէն Սերկէյ Աւետիսեանը:
Նախարարը ողջունած է հիւրերը եւ կարեւորած է առկայ համագործակցութիւնն ու ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները աւելի զարգացնելու եւ ներդրումները ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ընդլայնման, թողունակութեան յաւելման վերաբերեալ հարցեր:
Նախարարը նշած է, որ յառաջիկային տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ աշխատանքային խումբ պիտի ստեղծուի, որու ծիրին մէջ պիտի քննարկուին ներդրումային ծրագիրներու մանրամասնութիւնները:
Նախարարը կարեւորած է ծրագրի ծիրին մէջ ճշգրիտ որոշումներ կայացնելու, հեռանկարային լուծումներ գտնելու անհրաժեշտութիւնը, քանի որ այդ աշխատանքները ապագային համար են:
Մարթին Էռնէքեան նշած է, որ պատրաստակամ են բաց աշխատելու աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ․ «Սա պատմական պահ է, որ կրնայ մեծ հետք թողել Հայաստանի ապագայի վրայ», ըսած է Մարթին Էռնէքեանը:
Քննարկուած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: