Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսիան Կը Շարունակէ Բարդ Աշխատանք Տանիլ Ինչպէս Հայաստանի, Այնպէս Ալ Ատրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Հարցով․ Փեսքով

Ռուսիան Կը Շարունակէ Բարդ Աշխատանք Տանիլ Ինչպէս Հայաստանի, Այնպէս Ալ Ատրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Հարցով․ Փեսքով

by MassisPost

Ռուսիան կը շարունակէ շատ տքնաջան եւ բարդ աշխատանք տանիլ ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ատրպէյճանի հետ երկխօսութեան գործին մէջ:

Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Ռուսիան` որպէս երկու տարի առաջ ստորագրուած եռակողմ համաձայնագրերու եւ փաստաթուղթերու կողմերէն մէկը, կը շարունակէ կատարել իր պարտաւորութիւնները եւ կը շարունակէ շատ ու շատ քրտնաջան եւ բարդ աշխատանքը ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ատրպէյճանի հետ», նշած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Քրեմլինի մէջ համամիտ են ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի կոչին` ուղղուած Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` անյապաղ վերաբանալու Լաչինի միջանցքը առեւտրային երթեւեկութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment