Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Փարիզի մէջ հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով, որուն մասնակցած են շուրջ երկու տասնեակ ֆրանսական առաջատար լրատուամիջոցներ:
Արցախի նախագահը ներկայացուցած է Ֆրանսա կատարած այցին նպատակները, նշած է Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ պարբերաբար եւ յաճախակի դարձած նախայարձակ վարքի դրսեւորումները, հետեւողական կերպով մարդասիրական խնդիրներու ստեղծումը, թուարկած է այն սպառնալիքները, որոնք լրջագոյն վտանգ կը ներկայացնեն սեփական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան համար: Նախագահ Յարութիւնեանի խօսքով` Ֆրանսայի միջոցով ան կը փափաքի ուղերձ յղել եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, որ միջոցներ ձեռնարկեն կանխելու Ատրպէյճանի վերոնշեալ սանձարձակ պահուածքը, որուն աներկբայ կը սատարէ Թուրքիան:
«Մենք հասկանում ենք, որ Ատրպէյճանի հետ Եւրոպան ունի նաւթակազային շահեր, սակայն մեր յորդորն է յարգել մեր ժողովուրդին ինքնորոշման ու գոյութեան իրաւունքները եւ առկայ գործիքակազմերով թոյլ չտալ Ատրպէյճանի ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան իրականացումը: Այս իմաստով տեղին է նշել նաեւ վերջին երկու տարիների ընթացքում ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յարձակումներն ու ՀՀ ինքնիշխան տարածքների բռնազաւթումները», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը պատասխանած է լրագրողներու տարաբնոյթ հարցումներուն, ինչպէս նաեւ առանձին հարցազրոյց տուած է «Ֆրանս փրես» պետական լրատուական գործակալութեան եւ հիւրընկալուած է «France-24» հեռուստաալիք: