Ոչ-պիտանի հրթիռներու գործով մեղադրեալ, Զինուած Ուժերի Գլխաւոր Շտաբի նախկին պետ Արտակ Դաւթեան դատական նիստէն յետոյ «Ազատութեան» ըսաւ, որ մեղադրանքը չ’ընդունիր, հրթիռներն ալ անսարք չեն եղած: Մօտ մէկ տարիէ ընթացող փակ դատաքննութեան ընթացքին Դաւթեանը առաջին անգամ խօսեցաւ մեղադրանքի մասին:
Ազատութեան մէջ գտնուող 52-ամեայ զօրավարը, որ այս տարեսկիզբին պաշտօնանկ եղաւ Զինուած Ուժերու շտաբի պետի պաշտօնէն, կը մեղադրուի պաշտօնական դիրքը չարաշահելու կամ պաշտօնական լիազօրութիւններու սահմանը անցնելու համար: Այս գործով գլխաւոր մեղադրեալը, սակայն, Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան օրօք պաշտպանութեան նախարար նշանակուած ու պատերազմէն յետոյ հրաժարական տուած Դաւիթ Տօնոյեանն է: Մեղադրեալի աթոռին է եւս 5 մարդ, այդ շարքին` զէնքի մատակարար Դաւիթ Գալստեանը:
Ըստ մեղադրանքին` բարձրաստիճան զինուորականները բանակին զինամթերք մատակարարող Դաւիթ Գալստեանէն 2018-ին ձեռք բերած են աւելի քան 4 հազար 200 ժամկէտանց, տեխնիկական պահանջներուն չհամապատասխանելու պատճառաբանութեամբ նախապէս չընդունուած եւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մէջ պահեստաւորուած ռազմամթերք, որ հնարաւոր չէ եղած կիրառել 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին: Այդ, ըստ մեղադրանքին, կատարուած է հետեւեալ կերպ` Դաւիթ Գալստեանը պարտք եղած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ այդ պարտքին դիմաց ալ նախարարութիւնը ստացած է հրթիռները:
Այս գործով աւելի քան մէկ տարիէ կալանքի տակ է 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ռազմական գերատեսչութիւնը ղեկավարած Դաւիթ Տօնոյեանը, որկը մեղադրուի 4,6 միլիոն տոլար իւրացնելու համար: Անոր փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսեանը ըսաւ, որ դատական նիստին չհասցուց առաջարկել գործին կցել փաստաթուղթեր, որոնք, ըստ անոր, կ’ապացուցեն իր պաշտպանեալին անմեղութիւնը: Անոնցմէ է, օրինակ, հրթիռներու վերաբերեալ ռուսական կողմին եզրահանգումները ժամկէտի, պիտանիութեան մասին: Ըսաւ որ գործին մէջ կայ միայն Պաշտպանութեան Նախարարութեան փորձագէտի անհատական եզրակացութիւնը հրթիռի չափերուն, բայց ոչ որակին մասին, մինչդեռ իրենց ներկայացուցած փաստաթուղթերը նախաքննութեան ժամանակ այդպէս ալ չեն կցուած գործին:
Այս դատաքննութիւնը փակ կ’ընթանայ եւ լրագրողները հնարաւորութիւն չունին ճշդելու մեղադրող կողմին դիրքորոշումը: Դաւիթ Տօնոյեանը պարբերաբար կը պահանջէ բաց դատաքննութիւն անցընել, սակայն դատախազները դէմ են: