Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովը Միաձայն Ընդունեց «Պաշտպան Հայրենեաց» Ծրագիրը

Ազգային Ժողովը Միաձայն Ընդունեց «Պաշտպան Հայրենեաց» Ծրագիրը

by MassisPost

Ազգային Ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ եւ ամբողջութեամբ միաձայն ընդունեց «Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագիրը:

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինուորի կարգավիճակի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնքի նախագծին կողմ քուէարկած է 91 պատգամաւոր:

Աւելի վաղ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը յայտնած էր, որ իրենք կողմ են ծրագրի ներդրման:

Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը առաջարկած էր պայմանագրային զինուորական ծառայութիւն անցընելու գրաւչութիւնն ու շահագրգռուածութիւնը բարձրացնելու նպատակով ներդնել շարքային եւ սպայական կազմերու պարտադիր զինուորական ծառայութենէն պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցման նոր համակարգ, որ պիտի անուանուի «Պաշտպան Հայրենեաց» ծրագիր:

Ծրագիրը կը նախատեսէ շարքային եւ սպայական կազմերու պարտադիր զինուորական ծառայութեան առաջին վեց ամիսը լրանալէ յետոյ Կառավարութեան սահմանած կարգով պայմանագրային զինուորական ծառայութեան անցնելու ­հնարաւորութիւն` ծառայութեան ժամկէտը սահմանելով հինգ տարի, ինչպէս նաեւ պայմանագրին ժամկէտը լրանալու կամ առողջական վիճակի պատճառով ոչ-պիտանի ճանչցուելու հիմքով ծառայութենէն ժամկէտէն շուտ արձակուելով` անոնց համար սահմանելով պատուովճար ստանալու իրաւունք: Ի դէպ, պատուովճարի չափը կը նախատեսուի սահմանել 5 միլիոն դրամ, որ պիտի տնօրինէ իր հայեցողութեամբ: Պայմանագիր կնքած զինուորները եւս ենթակայ պիտի ըլլան աթեսթաւորման օրէնքով սահմանուած կարգով եւ դրական արդիւնքներու պարագային անոնց պիտի հաշուարկուի իրենց պաշտօնին, խումբին համար նախատեսուած յաւելավճար:

Միաժամանակ, պայմանագրի գործողութեան ընթացքին պայմանագրային զինուորական ծառայութենէն հրաժարելու պարագային, պայմանագրային զինուորական ծառայութեան ժամկէտը պիտի չհաշուարկուի զինուորի պարտադիր զինուորական ծառայութեան ժամկէտին մէջ եւ զինուորը պիտի ուղարկուի շարունակելու պարտադիր զինուորական ծառայութեան չծառայած մասը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment