Պրիւքսէլը չէ հրաժարած Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներուն ու Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին քառակողմ հանդիպումը կազմակերպելու գաղափարէն: Ինչպէս տեղեկացուցած է Եւրոմիութեան մէջ (ԵՄ) «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրը, կապի մէջ են երկու կողմերուն հետ` նախապատրաստելու նոր հանդիպում: Նախագահ Շարլ Միշէլի համար, «Ազատութեան» աղբիւրին ձեւակերպմամբ, «այդ կարեւոր է»: Բայց բանակցութիւններու յստակ օր դեռ չի նշուիր:
Նախօրէին Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, թէ Պրիւքսէլի մէջ Դեկտեմբեր 7-ին նախատեսուող հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառով: Շեշտած էր, որ «Փաշինեանը համաձայնած է հանդիպիլ միայն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ: «Այդ կը նշանակէ, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ», ըսած էր Ատրպէյճանի նախագահը ու յաւելած, որ Ֆրանսան «հակաատրպէյճանական կողմնակալ դիրքորոշում» որդեգրելու բերումով այլեւս չի կրնար մասնակցիլ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին:
Երեւանը ի պատասխան յայտարարեց, որ պատրաստ է այդ բանակցութիւններուն նախկին ձեւաչափով:
Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան թուիթըրեան գրառմամբ պնդած է, որ Ատրպէյճանը Փրակի մէջ համաձայնած է շարունակել հանդիպումը քառակողմ ձեւաչափով:
«Տրամաբանական է, որ հանդիպման ձեւաչափը եւ մասնակիցների կազմը պէտք է լինի նոյնը: Այդ իսկ պատճառով մենք յոյս ունենք, որ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Պրիւքսէլում` Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ», եզրափակած է հայաստանցի պաշտօնեան: