Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլը Չէ Հրաժարած Փաշինեանի Ու Ալիեւի Մասնակցութեամբ Քառակողմ Հանդիպման Գաղափարէն

Պրիւքսէլը Չէ Հրաժարած Փաշինեանի Ու Ալիեւի Մասնակցութեամբ Քառակողմ Հանդիպման Գաղափարէն

by MassisPost

Պրիւքսէլը չէ հրաժարած Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներուն ու Եւրոպական Խորհուրդի նախագահին քառակողմ հանդիպումը կազմակերպելու գաղափարէն: Ինչպէս տեղեկացուցած է Եւրոմիութեան մէջ (ԵՄ) «Ազատութեան» դիւանագիտական աղբիւրը, կապի մէջ են երկու կողմերուն հետ` նախապատրաստելու նոր հանդիպում: Նախագահ Շարլ Միշէլի համար, «Ազատութեան» աղբիւրին ձեւակերպմամբ, «այդ կարեւոր է»: Բայց բանակցութիւններու յստակ օր դեռ չի նշուիր:

Նախօրէին Իլհամ Ալիեւը յայտարարած էր, թէ Պրիւքսէլի մէջ Դեկտեմբեր 7-ին նախատեսուող հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ հայկական կողմի դիրքորոշման պատճառով: Շեշտած էր, որ «Փաշինեանը համաձայնած է հանդիպիլ միայն Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի մասնակցութեամբ: «Այդ կը նշանակէ, որ հանդիպումը տեղի պիտի չունենայ», ըսած էր Ատրպէյճանի նախագահը ու յաւելած, որ Ֆրանսան «հակաատրպէյճանական կողմնակալ դիրքորոշում» որդեգրելու բերումով այլեւս չի կրնար մասնակցիլ հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացին:

Երեւանը ի պատասխան յայտարարեց, որ պատրաստ է այդ բանակցութիւններուն նախկին ձեւաչափով:

Յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեան թուիթըրեան գրառմամբ պնդած է, որ Ատրպէյճանը Փրակի մէջ համաձայնած է շարունակել հանդիպումը քառակողմ ձեւաչափով:

«Տրամաբանական է, որ հանդիպման ձեւաչափը եւ մասնակիցների կազմը պէտք է լինի նոյնը: Այդ իսկ պատճառով մենք յոյս ունենք, որ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Պրիւքսէլում` Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Շարլ Միշէլի մասնակցութեամբ», եզրափակած է հայաստանցի պաշտօնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment