Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Ուրբաթ օր, տեղի ունեցած է Հայաստան հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներու ընկերակցութեան հետ ամփոփիչ հանդիպումը:
Ըստ նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին, նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ներկայացուցած է պաշտպանական քաղաքականութեան 2016-ի Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան գործունէութիւնը ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու, զինեալ ուժերու զարգացման, միջազգային ռազմական համագործակցութեան, միջազգային խաղաղապահութեան, սպառազինութիւններու վերահսկման ոլորտներուն մէջ:
Նշուած է, որ 2016-ի ընթացքին, ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, հիմնական ջանքերը ուղղորդուած են Հայաստանի միջազգային ռազմաքաղաքական դիրքերու եւ դաշնակցային ու գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման, զինեալ ուժերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ներգրաւման միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան գործողութիւններուն:
Վերահաստատուած է, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն կեանքի կոչել պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումները եւ իրականացնել միջազգային ռազմական համագործակցութեան, խաղաղապահութեան, սպառազինութիւններու վերահսկման ոլորտներուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացումը:
Լեւոն Այվազեաը նշած է նաեւ, որ 2016-ը յատկապէս առանձնացաւ 1994-ի հաստատուած եռակողմ զինադադարէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աննախադէպ թեժացմամբ եւ ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններով:
Հանդիպման աւարտին նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետը պատասխանած է Հայաստան հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներու հարցերուն: