Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Հանդիպում Հայաստան Հաւատարմագրուած Ռազմական Կցորդներու Հետ

Պաշտպանութեան Նախարարութեան Մէջ Հանդիպում Հայաստան Հաւատարմագրուած Ռազմական Կցորդներու Հետ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ, Ուրբաթ օր, տեղի ունեցած է Հայաստան հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներու ընկերակցութեան հետ ամփոփիչ հանդիպումը:

Ըստ նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին, նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ներկայացուցած է պաշտպանական քաղաքականութեան 2016-ի Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան գործունէութիւնը ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններու, զինեալ ուժերու զարգացման, միջազգային ռազմական համագործակցութեան, միջազգային խաղաղապահութեան, սպառազինութիւններու վերահսկման ոլորտներուն մէջ:

Նշուած է, որ 2016-ի ընթացքին, ինչպէս եւ նախորդ տարիներուն, հիմնական ջանքերը ուղղորդուած են Հայաստանի միջազգային ռազմաքաղաքական դիրքերու եւ դաշնակցային ու գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման, զինեալ ուժերու զարգացման, ինչպէս նաեւ ներգրաւման միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան գործողութիւններուն:

Վերահաստատուած է, որ նախարարութիւնը պիտի շարունակէ աշխուժօրէն կեանքի կոչել պաշտպանութեան ոլորտի բարեփոխումները եւ իրականացնել միջազգային ռազմական համագործակցութեան, խաղաղապահութեան, սպառազինութիւններու վերահսկման ոլորտներուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացումը:

Լեւոն Այվազեաը նշած է նաեւ, որ 2016-ը յատկապէս առանձնացաւ 1994-ի հաստատուած եռակողմ զինադադարէն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան աննախադէպ թեժացմամբ եւ ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւններով:

Հանդիպման աւարտին նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետը պատասխանած է Հայաստան հաւատարմագրուած ռազմական կցորդներու ընկերակցութեան ներկայացուցիչներու հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment