Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, այսօր կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով Սերգէյ Լավրովի հանդիպումներուն՝ իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նշած է, որ բանակցութիւններու՝ հասարակութեան համար հասանելի մասը արդէն տարածուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէն եւ ինք որեւէ նոր բան աւելցնելու չի պատրաստուիր:
Զախարովա միայն ըսած է, որ «թեման շատ զգայուն է: Բանակցութիւնները ընթացած են կառուցողական հունով, քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր ճշգրիտ գաղափարներ»:
Անդրադառնալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով նոր հանդիպումներու կայացման՝ Զախարովա նշած է, որ ժամանակցոյցը դեռ չի կազմուած:
«Անշուշտ, նոր հանդիպումներ կ’ըլլան: Թեման Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերակայութիւններէն է, ուստի շփումները այդ հարցով կը շարունակուին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը: