Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ Հիմնահարցը ՌԴ Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւններէն է,- Զախարովա

ԼՂ Հիմնահարցը ՌԴ Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւններէն է,- Զախարովա

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը, այսօր կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ, անդրադառնալով Սերգէյ Լավրովի հանդիպումներուն՝ իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նշած է, որ բանակցութիւններու՝ հասարակութեան համար հասանելի մասը արդէն տարածուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան  մամլոյ ծառայութեան կողմէն եւ ինք որեւէ նոր բան աւելցնելու չի պատրաստուիր:

Զախարովա միայն ըսած է, որ «թեման շատ զգայուն է: Բանակցութիւնները ընթացած են կառուցողական հունով, քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման տարբեր ճշգրիտ գաղափարներ»:

Անդրադառնալով Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով նոր հանդիպումներու կայացման՝ Զախարովա նշած է, որ ժամանակցոյցը դեռ չի կազմուած:

«Անշուշտ, նոր հանդիպումներ կ’ըլլան: Թեման Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերակայութիւններէն է, ուստի շփումները այդ հարցով կը շարունակուին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment